ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 2023-2024 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ, երէկ, նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ։ Ամէն տարի 1 սեպտեմբերը Հայաստանի մէջ կը նշուի՝ որպէս Գիտելիքի օր, ինչ որ կ՚ազդարարէ վերամուտը։ Ըստ ձեւաւորուած աւանդոյթին, նախօրէին ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը կատարուի կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ։ Այս աւանդութիւնը շարունակուեցաւ այս տարի եւս, Մայրավանքի համալիրէն ներս, Ս. Գայիանէ վանքի պատմական կամարներու ներքեւ։
Օրհնութեան կարգին ներկայ գտնուեցան կրթական կառոյցներու եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ներկայացուցիչներ, համալսարաններու վերատեսուչներ, մարզերու կրթական վարչութիւններու ղեկավարներ, հանրակրթական դպրոցներու տնօրէններ եւ մանկավարժներ։ Մինչ Վեհափառ Հայրապետը վերամուտի առթիւ իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց կրթութեան ոլորտի երախտաւորներուն, աւարտին անոնց ի պատիւ ընդունելութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ։
Օրհնութեան կարգի խօսքին ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Դժուարին ժամանակներ կ՚ապրինք։ Դարերու բովին մէջ յղկուած եւ մեր ազգին կեանքին մէջ արմատացած արժէքները մեր օրերուն կ՚աղաւաղուին եւ փոխարէնը անցողիկ ու վնասակար գաղափարախօսութիւններ, երեւոյթներ ու դրսեւորումներ կը ներմուծուին հասարակական կեանքէն ներս՝ ստեղծելով նաեւ հոգեբարոյական ճգնաժամ։ Նոր թեքնոլոժիներու սրընթաց զարգացմամբ, ինչպէս եւ մարտահրաւէրներով ու փորձութիւններով յատկանշուած ժամանակակից աշխարհին մէջ կենսականօրէն կարեւոր է ազգային ինքնութեան ձեւաւորման ու պահպանման միտուած մրցունակ կրթութեան ապահովումը՝ յատկապէս կրթական ծրագրին ընդգրկուած առարկաներու շարքին հայրենագիտական առարկաներու պատշաճ դասաւանդումն ու մշտամնայ արժէքներու փոխանցումը մեր զաւակներուն։ Անընդունելի ու դատապարտելի է, որ կրթական նոր համակարգին մէջ կառավարութեան եւ կրթական ոլորտի պատասխանատուներու որոշմամբ այլեւս պիտի չըլլայ ժամանակի քննութիւնը յաղթահարած, աշակերտներու եւ անոնց ծնողներու կողմէ սիրուած, ազգային նկարագիրը, ոգին ամրապնդող ու արժեհամակարգ սերմանող «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան։ Այս վերջինը մեր նորանկախ պետութեան կրթական ասպարէզի կարեւոր ձեռքբերումներէն էր։ Անոր աւանդման գործին մէջ եւս Եկեղեցի-պետութիւն գործակցութիւնը արդիւնաւորուած է հայրենաշահ եւ հոգեշահ զանազան ձեռնարկներով»։
Նորին Սրբութիւնը յայտնեց նաեւ, որ այսօր կրթութեան մշակներուն վստահուած է սերունդներու դաստիարակութիւնը, մնայուն արժէքներու անոնց փոխանցումն ու հայկական դիմագիծով ու դրոշմով ազգի զաւակներ կերտելը։ «Երբեք չվհատիք եւ երբեք չընկճուիք փորձութիւններով ու մարտահրաւէրներով լի այս դժուարին ժամանակաշրջանին։ Ձեր գործը քաղցր է, ձեր ճանապարհը թէեւ դժուարին, բայց պատուաբեր, նշանակալի ու երախտարժան։ Ձեր աչքին առջեւ ունենալով Սահակ-Մեսրոպի փաղանգը, երանաշնորհ վարդապետներն ու կրթութեան բազում նուիրեալները՝ առաւել սիրով ու նախանձախնդրութեամբ շարունակեցէք աստուածահաճոյ ձեր առաքելութիւնը՝ ի շահ մեր սիրելի զաւակներու եւ ի բարօրութիւն մեր ազգի ու պետութեան», յայտնեց Վեհափառ Հայրապետը եւ աղօթեց, որ ամենակարող Աստուած մշտանորոգ յաջողութիւններ պարգեւէ կրթական մշակներուն՝ Իր Սուրբ Աջի ամենախնամ հովանիին ներքեւ։