ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՏԳԱՄ
2023-2024 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հրապարակեց շնորհաւորական պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Գիտելիքի, գրի եւ դպրութեան օրուան առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հայրապետական մեր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքը կը բերենք կրթական գործի բոլոր նուիրեալներուն, դպրոցական, համալսարանական մեր զաւակներուն։
Դարեր շարունակ կրթութիւնը, գիտութեան ու մշակոյթի զարգացումը առաջնահերթութիւն եղած են հայոց ազգային-եկեղեցական անդաստանէն ներս։ Նոյնիսկ մեր ժողովուրդի պատմութեան դժուարին ժամանակներուն հայոց դպրոցներն ու անոնց անխոնջ մշակները կրթած ու դաստիարակած են ազգի, հայրենիքի եւ եկեղեցւոյ արժանաւոր զաւակներ, ամրապնդած են անոնց աստուածսիրութիւնը, հայրենանուիրումն ու ազգային ինքնագիտակցութիւնը։
Այսօր մեր պետութեան ու ազգին առջեւ ծառացած լրջագոյն հիմնախնդիրներու դիմագրաւման զուգընթաց առաջնային է հաւատաւոր, հայրենասէր, բանիմաց ու լուսամիտ սերունդ կերտելու առաքելութիւնը՝ քանզի, ինչպէս մեծանուն պատմիչը կը վկայէ, «բոլոր չարիքները մարդու միտքը կը մտնեն տգիտութենէն»։
Կ՚աղօթենք, որ Տէրը աննուազ եռանդ ու կորով շնորհէ կրթութեան ասպարէզէ ներս իրենց ծառայութիւնը բերող բոլոր նուիրեալներուն եւ լուսաւորէ միտքը աշակերտ կամ ուսանող մեր զաւակներու՝ նախանձախնդրութեամբ գիտելիք ամբարելու եւ զայն ծառայեցնելու մեր երկրի յառաջընթացին, մեր ժողովուրդի բարօր ու լուսաւոր ապագայի կերտման։
Թող Տիրոջ օրհնութեամբ այս նոր ուսումնական տարին բարեզարդուի բարի արգասիքներով՝ ի զօրացումն մեր հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի։