ՍԻՆԿԱՓՈՒՐԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Սինկափուրի վարչապետ Լի Սիեն Լունի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց երկու երկիրներու միջեւ շփումները զանազան մակարդակներու վրայ։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ երկու ժողովուրդներու միջեւ ձեւաւորուած պատմական առընչութիւններուն՝ մասնաւորապէս, Սինկափուրի հայ համայնքի ունեցած դերակատարութեան։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ խօսեցաւ նաեւ Սինկափուրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ մասին՝ նշելով, որ յառաջիկային Սինկափուրի հայ համայնքը կ՚ունենայ նաեւ իր հոգեւոր հովիւը, որ կը կազմակերպէ համայնքին հոգեւոր կեանքը։

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ զրոյցի համար՝ հիւր վարչապետը անդրադարձաւ երկու երկիրներու միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան յետագայ զարգացման հեռանկարներուն։

Հանդիպման աւարտին Սինկափուրի վարչապետին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատունը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2019