ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ԼՈՒՐԵՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, որ անցեալ յուլիսի 16-ին երթեւեկի արկած մը անցուցած էր, ներկայիս արդէն զգալիօրէն յաղթահարած է դէպքին ծանր հետեւանքները։ Արդարեւ, այդ արկածէն վերջ առաջնորդ հայր սուրբը վիրահատութեան ենթարկուած էր իր սրունքներէն եւ իրեն համար սահմանուած էր բաւական երկար ապաքինման շրջան մը։ Առաջին հերթին «Ալպանի» բժշկական կեդրոնին մէջ սկսած էր իր բուժումը, իսկ միջոցէ մը վերջ շարունակուած՝ Մենհեթթընի մասնագիտական կեդրոններէն մէկուն մէջ։

Նիւ Եորքի առաջնորդարանի աղբիւրները Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի ապաքինման գործընթացին շուրջ երէկ ողջունելի լուրերու արձագանգ հանդիսացան։ Այսպէս, ան Նիւ Եորք վերադարձած է՝ արդէն վերջացնելու համար իր ապաքինման շրջանը։

Առաջնորդարանի կողմէ կոչ ուղղուած է, որպէսզի թեմի հաւատացեալները աղօթեն հայր սուրբի առողջութեան համար։

Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան առաջնորդ ընտրուելէ շատ կարճ ժամանակ վերջ ենթարկուած էր այս ցաւալի երթեւեկի արկածին եւ ուրախառիթ է, որ ան ներկայիս արդէն լուրջ յառաջընթաց արձանագրած է՝ իր առաքելութեան վերադառնալու ճանապարհին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2022