ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ՝ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ԵՒ ՄԵՌԵԼՈՑԻ ՕՐԵՐՈՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՏՕՆԱՑՈՅՑԻ ՄԷՋ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի մէջ այս շրջանին օրակարգի վրայ եկած է տօնական արձակուրդներու կրճատումը, ինչ որ հասարակական հարթութեան վրայ ալ քննարկման նիւթ կը դառնայ։ Իշխանութիւններու այս նախաձեռնութիւնը վերջնական տեսք պիտի ստանայ Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուելիք օրէնքով։ Թէեւ ճիշդ է, որ տարուայ տեւողութեան Հայաստանի մէջ արձակուրդի օրերը շատ են, սակայն, այս նախաձեռնութիւնով ոչ-աշխատանքային օրերու կրճատման ժամանակ խաչաձեւումներ պիտի յառաջանան՝ մանաւանդ եկեղեցական տօներուն հետ։ Նոյն ծիրին մէջ Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի եւ Մեռելոցի օրերն ալ պիտի դասուին աշխատանքային օր, ինչ որ հաւատացեալներու շրջանակներէն ներս զգայնութիւններու պատճառ կը դառնայ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ քննարկման նիւթ դարձած է այս խնդիրը։ Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանի սրբազաններուն եւ ներքին թեմերու առաջնորդներուն հետ խոշորացոյցի տակ առած է այս խնդիրը։ Եպիսկոպոսաց եւ թեմակալ առաջնորդներու ժողովի ընթացքին քննարկուած են հոգեւոր-ազգային, եկեղեցական, հովուական եւ ներքին կազմակերպման շարք մը հարցեր։ Առանձին քննարկման նիւթ դարձած են Արցախի երկրորդ պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած հոգեւոր-խնամատարական գործունէութիւնը, ռազմագերիներու վերադարձին, անյայտ կորսուածներու յայտնաբերման խնդիրները, զոհերու մարմիններու յուղարկաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու վերաբերեալ նախաձեռնուած փոփոխութիւններու։ Ժողովը հանդէս եկած է յայտարարութիւնով մը։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հրապարակած է այս յայտարարութեան բնագիրը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Կը կարեւորենք պետական տօնացոյցի մէջ հոգեւոր ու պետական տօներու եւ յիշատակի օրերու պատշաճ ներկայացուած ըլլալը, որովհետեւ մեր հոգեւոր ու մշակութային արժէքները, ազգային դիմագիծն ու ձգտումները կ՚արտայայտուին նաեւ տօներու եւ յիշատակի օրերու խորհուրդներուն մէջ։ Յատկանշական է, որ շատ երկիրներու մէջ, որոնց շարքին՝ Աւստրիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Ռումանիա, Լեհաստան, Լիթվա եւ հարեւան Վրաստանը, պետական ոչ-աշխատանքային օրերու գերակշիռ մասը (60-80%)՝ եկեղեցական տօներ են։ Մինչդեռ քրիստոնէութիւնը առաջին անգամ իբրեւ պետական կրօն ընդունած Հայաստանի մէջ՝ միայն 17 տոկոսը եկեղեցական է։

Այսու կը դիմենք Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն ոչ-աշխատանքային օրերու շարքին պահպանել նաեւ յունուարի 5-ը, որպէս Ս. Ծնունդի Ճրագալոյցի տօնական օր եւ յունուարի 7-ը՝ որպէս Մեռելոցի յիշատակի օր յատկապէս, երբ Արցախի պատերազմի զոհերու ցաւը դեռ կը մորմոքէ մեր ժողովուրդի սրտին մէջ։

Լիայոյս ենք, թէ ընդառաջ մեր ժողովուրդի բարեպաշտ զաւակներու եւ աղօթքի ու մխիթարութեան հոգեւոր կարիքներու՝ Ազգային ժողովի կողմէ նկատի կ՚առնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սոյն առաջարկը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2021