Ս. ԳԵՂԱՐԴԻ ՕՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այս շաբաթավերջին պիտի տօնախմբէ հայոց առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակով տակաւին 2015 թուականին այս տօնը հռչակուած է Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր։ Այս տօնին առթիւ Մայր Աթոռի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ, որու ընթացքին պիտի վերաբերուի Սուրբ Գեղարդը, որ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ի պահ դրուած համաքրիստոնէական սրբութիւն մըն է։

Ուստի, Սուրբ Գեղարդը հաւատացեալներու երկրպագութեան համար բաց պիտի ըլլայ այս շաբաթավերջին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022