ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վերջին շփումներուն ծիրէն ներս, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ՝ ՄԱԿ-ի մօտ Վատիկանի մշտական ներկայացուցիչ Կապրիէլ Քաչիա Արքեպիսկոպոսին հետ։ Ըստ Անթիլիասի աղբիւրներուն, զրոյցը տեւեց շուրջ երկու ժամ՝ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ Քննարկումներու ընթացքին առաջնահերթութիւն ընծայուեցաւ Արցախի հարցին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան։ Կողմերը կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի յարաբերութիւններուն շուրջ։

Զրոյցի ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս այս հարցերուն շուրջ պարզեց իր տեսակէտներն ու Կիլիկեան Աթոռին կողմէ ծաւալուած աշխատանքները։ Ան արքեպիսկոպոսէն տեղեկութիւններ ալ քաղեց նոյն հարցերուն վերաբերեալ Վատիկանի դիրքորոշումներուն շուրջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2023