ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄՈՒՏՔԻՆ ԽԱՉՔԱՐԵՐ

Ներկայ տարեմուտին Պատրիարքարանի շէնքի մուտքի երկու  կողմերուն զետեղուեցան խաչքարեր, որոնք երէկ օծուեցան՝ ձեռամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Սոյն խաչքարերը, որոնց շնորհիւ Պատրիարքարանի մուտքը բարեզարդուեցաւ, պատրաստուած են Հայաստանի մէջ՝ բարերարութեամբ Քրիստիան Կելիճիի, որ արմատներով Սասունէն է։

Օծման ընթացքին նորին սրբազնութեան կողքին էին լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 10, 2019