ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ներկայ տարեմուտին կատարեց շարք մը նոր նշանակումներ։ Հայրապետական տնօրինութիւններու հիման վրայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ստեղծուեցաւ Քարոզչական կեդրոն՝ 1 յունուար 2020 թուականի դրութեամբ։ Այս նորաստեղծ կեդրոնին համար տնօրէն նշանակուեցաւ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, որ մինչ այդ կը վարէր Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչի պաշտօնը։ Ըստ նոր կարգադրութիւններուն, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ նշանակուեցաւ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, որ վերջին տարիներուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս զանազան հոգեւոր պարտականութիւններ ստանձնած էր։

Բաց աստի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Պարգեւներու շնորհման եւ կարգապահական հարցերու յանձնախումբի ատենապետ Տ. Ոսկան Արք. Գալփաքեանն ալ հայրապետական տնօրինութեամբ փոխարինուեցաւ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի կողմէ։ Այս վերջինը արդէն միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժինը։

Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի եւ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեանի նշանակումները իսկապէս ուշագրաւ են։ Արդարեւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նոր սերունդէ միաբաններու շարքին անոնք կ՚առանձնանան իրենց պատրաստութեամբ, մտաւորական կարողութիւններով եւ վարչական ձիրքերով։ Երկու հայր սուրբերն ալ կը մարմնաւորեն երիտասարդ օրինակելի միաբանի կերպարը։ Հակառակ իրենց երիտասարդ տարիքին, անոնք ցարդ արդարացուցած են իրենց վստահուած բոլոր պարտականութիւնները։ Պատահական չէ, որ Վեհափառ Հայրապետը Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչի պաշտօնը յանձնած է Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի։ Այս վերջինը Հայ Եկեղեցւոյ առկայ կարիքները դիտարկելու լայն հնարաւորութիւն ունեցած է։ Հայաստանի մէջ պաշտօնավարելու առընթեր, կարեւոր պարտականութիւններ զբաղեցուցած է նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն եւ Ֆրանսայի թեմէն ներս։ Սփիւռքեան մարդուժի կեդրոնացած այդ ոստաններուն մէջ կուտակած փորձառութիւնը անխուսափելիօրէն իրեն պատկերացում մը կու տայ մեր նոր սերունդէ եկեղեցականութեան տեսակէտէ անհրաժեշտ որակներուն եւ կարողութեան մասին։ Նոյնպէս Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեանն ալ վերջին տարիներուն ունեցած է բեղուն ծառայութիւն՝ որպէս Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ։ Այդ պաշտօնին կոչուելէ առաջ ան եւս սփիւռքի մէջ ծառայելու փորձառութիւնը ունեցած է։ Վեհափառ Հայրապետը ներկայիս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ներս կը ստեղծէ որոշ նոր բաժանմունքներ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ժամանակակից մարտահրաւէրներուն յարմարցնելու ու մանաւանդ՝ հայ հաւատացեալ ժողովուրդի կեանքին, արժեհամակարգին ու մտածելակերպին առաւելագոյնս ներթափանցելու առաջադրութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ է նորաստեղծ Քարոզչութեան կեդրոնը, որու գործունէութիւնը կը սկսի Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեանի նման խոստումնալից ու կարող միաբանի մը գլխաւորութեամբ։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանին եւ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեանին։  

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2020