ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻ ԳԱՀԱԿԱԼԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ

Անթիլիասի մէջ շաբաթավերջին յատկանշական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալի հռչակագիրը՝ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, նախապէս հաղորդուած էր, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս 2022 թուականը հռչակած է «Սփիւռքի տարի»։ Ուստի, շաբաթավերջին իր համապատասխան հռչակագիրը ընթերցուեցաւ Ս. Պատարագի ընթացքին։

Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ նշած է, որ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ բազմազան մարտահրաւէրներ, իսկ սփիւռքը՝ աւելի, որովհետեւ հոն կը տիրեն անորոշութիւն, փոթորիկներու դէմ պայքարներ, ինքնութեան վերաբերեալ փնտռտուքներ, որոնք անյետաձգելի հրամայական կը դարձնեն անոր վերակազմակերպումն ու վերակենսունակութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022