ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՆ ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԿԱՅ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի Կրօնի հարցերով պետական գործակալութեան նախագահ Զազա Վաշաքմածէն։ Հիւր պատուիրակութեան կ՚ուղեկցէր Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ազգային փոքրամասնութիւններու եւ կրօնի հարցերու բաժնի պետ Վարդան Ասատրեան։ Ներկայ էր նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան։
Ողջունելով հիւր պատուիրակութեան այցը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն՝ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց, որ Վրաստանի մէջ ստեղծուած է կրօնի հարցերով պետական գործակալութիւն մը։ Նորին Սրբութիւնը եւ Զազա Վաշաքմածէ մասնաւոր անդրադարձ կատարեցին այն խնդիրներուն, որոնք կը յուզեն Վիրահայոց Թեմն ու Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցին։ Այս կապակցութեամբ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Վիրահայոց Թեմին հետ ձեւաւորուած գործակցութիւնը եւ յոյս յայտնեց, թէ նորաստեղծ գործակալութեան եւ եկեղեցական կառոյցներու համատեղ աշխատանքին շնորհիւ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան ոգիին համահունչ բարւոք լուծման պիտի առաջնորդուին առկայ բոլոր հարցերը։
Զրոյցի ընթացքին շօշափուեցաւ նաեւ Վրաստանի մէջ վերջին տասնամեակներուն փլուզուած հայկական եկեղեցիներու վերականգնման ուղղութեամբ պատկան կառոյցներուն կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքներուն ընթացքը։ Օրակարգի վրայ եկաւ հայ համայնքի հոգեւոր կարիքներու բաւարարման համար Վիրահայոց Թեմին անհրաժեշտ հայոց պատմական սրբավայրերու վերադարձման հարցը։
Ընդունելութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը ողջոյններն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Համայն Վրաստանի Կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.-ին։
Եկեղեցական
- 11/27/2024