Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՍԱՅՏԻ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, նախընթաց օր Պէյսայտի մէջ այցելեց Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը, ուր ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Հայր սուրբը դիմաւորուեցաւ վարժարանի խնամատար մարմնի անդամներէն Նուրհան Ատարեանի եւ տնօրէնուհի Սեդա Մկրեանի կողմէ։ Աշակերտները ջերմօրէն շրջապատեցին զինքը։ Իր ներկայութեան առթիւ տղաքը հանդէս եկան արտասանութիւններով, խմբերգներով եւ նուագներով։

Մեծ պահոց շրջանին զուգադիպած այցելութեան ժամանակ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան տղոց հետ զրուցեց աղօթքի կարեւորութեան եւ Աստուծոյ սիրոյ մասին։ Ան յորդորեց, որպէսզի բոլորը իրենց հաւատքը վառ պահեն ամէն առիթով։

Հաւաքոյթի ընթացքին հայր սուրբը վերահասու դարձաւ, թէ վարժարանի 6-րդ դասարանի աշակերտները՝ տարեկան իրենց աւանդական տօնավաճառի հասոյթը այս տարի տրամադրած էին երկրաշարժի աղէտեալներուն։ Ան բարձր գնահատեց պատանիներուն կողմէ դրսեւորուած այս զգայնութիւնը։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023