ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ 117-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս անցեալ շաբաթավերջին գումարուեցաւ տարեկան պատգամաւորական ժողովը՝ նախագահութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ 97-րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Արիզոնայի Ս. Աբգար եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։
Ժողովի սկիզբին ընթերցուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնի խօսքը։ Ելոյթ մըն ալ ունեցաւ թեմի առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի տեսուչ Տ. Երամիա Վրդ. Աբգարեան։ Ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկուեցաւ՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի որպէս առաջնորդ պաշտօնավարած վերջին շուրջ երկու տասնամեակներու գործունէութիւնը։ Ան ծաւալուն ելոյթով մը հանդէս եկաւ պատգամաւորական ժողովի անդամներուն առջեւ՝ կարեւոր խորհրդածութիւններ ընելով թեմի առաքելութեան եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի կենսունակութեան շուրջ։
Պատգամաւորական ժողովը ընդգծեց նաեւ թեմական կառոյցները, նաեւ ձեւաւորուեցան նշանակովի յանձնախումբերու կազմերը։
Թեմական պատգամաւորական ժողովին զուգահեռ տեղի ունեցան նաեւ թեմի հոգեւորականաց համագումարն ու տիկնանց միաւորի հաւաքը։
Ընդհանուր աշխատանքը եզրափակուեցաւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի խօսքով, որու ընթացքին ան ընդգծեց, որ Արեւմտեան թեմը կը գտնուի իր 100-ամեակին ընդառաջ։
Պատգամաւորական ժողովը պաշտօնի կոչեց թեմական խորհուրդի նոր կազմը, որուն մէջ կը գտնուին հետեւեալները.
Վարդան Նազիրեան (ատենապետ), Տերիք Ղուկասեան (փոխ-ատենապետ), Միքայէլ Միսաքեան (գանձապահ), Սիւզի Գրիգորեան (ատենադպիր), Տ. Երեմիա Վրդ. Աբգարեան, Տ. Բագրատ Ծայրագոյն Վարդապետ Պուրճէքեան, Տ. Մանուկ Աւ. Քհնյ. Մարգարեան, Տ. Սերովբէ Քհնյ. Ալանճեան, Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Զօհրապեան, Պետրոս Անսերեան, Սիլվա Քաջիկեան, Ալեքս Էպիսով, Վարուժան Ալթըփարմաքեան, տքթ. Արթին Քնաճեան եւ Արա Երկանեան։