ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Քենթըրպըրի քաղաքի Քենթ համալսարանէն ներս, Անգլիա, վերջերս տեղի ունեցաւ Անկլիքան եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու 15-րդ միջազգային համաժողովը։ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուէլպիի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ համաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյննները փոխանցեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին։ Հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Մակար Եպսկ. Աշքարեան։

Անկլիքան եկեղեցին տասն տարին անգամ մը կը կազմակերպէ այսպիսի համաժողով մը։ Այս անգամուանին մասնակցութիւն բերին աւելի քան 1450 անկլիքան եպիսկոպոսներ կամ արքեպիսկոպոսներ, նաեւ այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։

«Աստուծոյ եկեղեցին Աստուծոյ աշխարհին մէջ» կարգախօսով կազմակերպուած էր հաւաքը, որու շրջանակներէն  ներս Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուէլպի առանձնապէս ալ մէկտեղուեցաւ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեանի եւ Տ. Մակար Եպիսկոպոս Աշքարեանի հետ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022