ԱԶՆԻՒ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Ազգային արժէքներու պաշտպանութիւն» նախաձեռնութեան համակարգող խումբը։ Նախաձեռնութեան անդամները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին իրենց առաքելութիւնն ու ծրագիրը։ Անոնք անդրադարձան «Ազգային արժէքներու պաշտպանութիւն» նախաձեռնութեան հեղինակած օրէնքի նախագծին, որ ուղղուած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, հայոց լեզուի, մշակութային ժառանգութեան, ընտանիքի եւ մանկութեան պաշտպանութեան։

Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց հիւրերուն եւ կարեւորեց ազգային արժէքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ անոնց ազնիւ ձգտումներն ու նախանձախնդրութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ դարեր շարունակ հայոց ինքնութիւնը կերտած ազգային-հոգեւոր արժէքները եւ նախնիներէ աւանդուած ժառանգութիւնը գրաւականն են ազգի յարատեւութեան եւ անկախ պետականութեան ամրութեան։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին իշխանութիւններու կողմէ կը նախատեսուին կրթութեան ոլորտի վերաբերեալ շարք մը բարեփոխումներ, այս ուղղութեամբ կ՚որդեգրուին չափորոշիչներ, որոնք պատճառ կը դառնան մտահոգութեան ու անհանգստութեան։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ զանազան խմորումներ կը նկատուին՝ այդ բարեփոխումներու դէմ առկայ վերապահութիւններուն հնչողութիւն ապահովելու նպատակով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ երկար ժամանակէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէ այդ ծրագրերուն դէմ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը որոշ վերապահութիւն կը ցուցաբերէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ վաւերացուած կարգ մը միջազգային պայմանագրերու դէմ՝ ընկերային բնագաւառի վերաբերեալ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Նորին Սրբութիւնը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցած էր Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ՝ քննարկելով նման բնոյթով զանազան հարցեր։ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2020