ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՊԱՏԱՐԱԳԸ՝ ԲՈՒԺԻՉ ՎԷՐՔԵՐՈՒ

«Որպէս Մովսէս բարձրացոյց զօձն
յանապատին. նոյնպէս պարտ է
բարձրանալ որդւոյ մարդոյ»
(Յովհաննէս, 3. 14)։ 

Վերացման Սուրբ Խաչի տաղաւարը ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս կու գայ բոլորիս յիշեցնել այն անյեղլի ճշմարտութիւնը, թէ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս, 4.8,16) եւ սիրով առլցուն Հայր Աստուծոյ սէրը յայտնուած է բոլորիս փրկութեան համար իր Միածին Որդիին մարդեղութեամբ։ Աստուծոյ սէրը ճշմարիտ է։ Պէտք չէ մոռնանք, թէ «ոչ թէ մենք սիրեցինք զԱստուած, այլ Աստուած ինք սիրեց մեզ եւ իր Որդին ղրկեց որպէս զոհ, ի քաւութիւն մեղաց մերոց» (Ա. Յովհաննէս, 4.10)։ Եւ այս բոլորին մէջ կը փայլի Խաչափայտը եւ Սուրբ Խաչի փրկարար զօրութիւնը, որուն վրայ հաստատուած Քրիստոնէական կեանքը կը դառնայ պտղաբեր եւ պտղալի։

Աստուծոյ սէրը, գթութիւնը եւ ողորմութիւնը զգալի կը դառնայ Հին Կտակարանի ընտրեալ հանգամանքով ծանօթ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Իր ընտրեալ ժողովուրդին նկատմամբ Աստուծոյ ցուցաբերած սէրը, նաեւ՝ Աստուածային նախախնամութիւնը յայտնաբերուած է, երբ Իսրայէլի ժողովուրդը փրկուեցաւ Եգիպտոսի գերութենէն։ Ապա անապատի պանդխտութեան մէջ հրաշալի պայմաններու ներքեւ որպէս ուտելիք տուաւ «մանանան» (Ելից, 16.) որպէս հանապազօրեայ հաց։ Նաեւ «ժայռէն ջուր բղխեցուց» (Ելից, 17.6)։

Այս բոլորը բարիքներ էին, ձրի պարգեւներ ժողովուրդի մը համար, որ մոռնալով իր երախտագիտութիւնը յայտնել, փոխան երախտագիտութեան, տրտնջաց։ Տրտնջալ բառը բառարաններու մէջ ունի բազմաթիւ հոմանիշներ։ Բառական իմաստով կը նշանակէ դժգոհութիւն յայտնել. սրտնեղութիւն արտայայտել. ցաւէն, վիշտէն գանգատիլ: Իսրայէլի ժողովուրդը Աստուծոյ եւ Մովսէսի դէմ արտայայտուեցաւ ըսելով. «Ինչո՞ւ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիք, որ անապատին մէջ մեռնինք, քանզի հաց չկայ, ջուր չկայ եւ այս չնչին հացէն մեր սիրտը զզուեր է» (Թուոց, 21.5)։ Այս տրտնջալի բառերը դուռ բացին, որ այս անգամ նոյն ժողովուրդի կեանքէն ներս յայտնուի ժխտական երեւոյթ մը, որ էր Աստուծմէ առաքուած խայթող օձերը։ Մահասփիւռ օձերը շատերու մահուան պատճառ դարձան։ Տրտունջը, դուռ բացած էր այս տեսարանին։ Եւ այս տրտունջը ունեցաւ մահաբեր պտուղ։ Այս ցաւառիթ պարագան առիթ ընծայեց երկրորդ տրտունջի մը, որ այս անգամ պսակուեցաւ ապաշխարութիւն բուրող զղջման արտայայտութեամբ եւ աղօթքի խնդրանքով, վասն վերացման փորձանաւետ մահասփիւռ օձերուն։

Մովսէս ընդառաջելով ապերախտութեամբ վարուած իր ժողովուրդի խնդրանքին, Տիրոջ աղաչեց եւ իր աղաչանքը պսակուեցաւ Աստուծոյ փրկարար թելադրանքով, ըստ որում «կիզող օձ մը շինելով զայն ձողի մը վրայ պիտի դնէր։ Ով որ օձէն խայթուէր անոր պիտի նայէր ու ապրէր»։ Աստուածային թելադրանքը իր պտուղը տուաւ։ Բոլոր անոնք, որոնք խայթուած էին օձերէն, ձողի վրայ դրուած պղնձէ օձին նայելով անմիջապէս կ՚առողջանային։

Քրիստոս Հին Կտակարանի այս հրաշքը յիշեց, ակնարկելով իր Խաչելութեան. «Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, այնպէս ալ պէտք է որ Որդին մարդոյ բարձրանայ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս, 2.14-15)։

Քրիստոսի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին շնորհիւ Խաչը իմաստաւորուեցաւ։ Մահապատիժի մահասփիւռ գործիքը վերածուեցաւ Սուրբ Նշանի, որուն վրայ Աստուծոյ Միածին Որդին Իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց եւ այս մահը մեղքին պատճառաւ մարդուն վրայ եկած մահուան անէծքը ճզմեց։ Խաչի պատարագը «մեզ ազատեց մեր բոլոր անօրէնութիւններէն, եւ մեզ մաքրելով դարձուց իր սեփական ժողովուրդը եւ բարի գործերու նախանձախնդիր» (Տիտոսի, 2.14)։

Քրիստոս, հրեայ փարիսեցի իշխան Նիկոդիմոսի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին ըսած էր. «Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, այնպէս ալ պէտք է որ Որդին մարդոյ բարձրանայ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Քրիստոսի այս խօսքը խորքին մէջ հրաւէր մըն է անսակարկ հաւատքով մօտենալու Խաչին ու Խաչելութեան փրկարար զօրութեան։ Ոչ միայն մօտենալ, այլ ջերմեռանդն նայիլ Խաչին, անոր վրայ կատարուած մեծ զոհաբերումին մասին մտածելով։ Երբ կը նայինք Խաչին՝ պարտինք գիտնալ, թէ այդտեղ սոսկ Քրիստոսը չէր Խաչուողը, այլ՝ անոր ուսերուն վրայ բեռցուած աշխարհի մեղքերը։ Խաչի վրայ թափուած Սուրբ Արիւնով լուացուեցաւ մեղսալից կեանքը մարդուն, եւ յառաջ եկաւ սրբութիւնը, մաքրութիւնը։ Կը կանչուինք նայիլ Խաչին առանց նկատի ունենալու, թէ ո՞ր նիւթին օգտագործմամբ սարքուած է ան։ Պարզ փայտեայ Խաչին առջեւ երբ հաւատքով կը ծնրադրենք, մեր աչքերը կը սեւեռենք ծառէն կտրուելով պատրաստուած Խաչի նշանին, այդ փայտեայ Խաչին ընդմէջէն զգալի կը դառնայ փրկարար զօրութեամբ ճառագայթող լոյսը, որ է յոյսը յաւիտենական կեանքի։ Ոսկիէ ցուլուած, մարգարիտներով ու ադամանդներով զարդարուած Խաչի նշանին երբ կը նայինք առանց հաւատքի, առանց նկատի ունենալու Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկած Հօր Աստուծոյ սէրը, այդ Խաչի նշանը այդպիսիներուն համար կը դառնայ միայն գեղարուեստական հրաշալիք մը ու կը փայլի իր նիւթական արժէքով միայն։

Հին Ուխտի մեծանուն մարգարէներէն է Եսայի, որ մարգարէացած է Խաչի խորհուրդի միջոցաւ մեղաւոր մարդոց վրայ հասած օրհնութիւնը. «Իրաւցընէ անիկա մեր ցաւերը վերցուց, ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ։ Մենք զանիկա վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք։ Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք» (Եսայի, 53.4-5)։ Այս մարգարէութեամբ կը յիշենք Սուրբ Աւետարանի անոր զուգահեռ համարները, ըստ որոնց Քրիստոս անօրէններու կարգը դասուեցաւ, խաչուած ըլլալով երկու աւազակներու միջեւ։ Նաեւ կը յիշենք տիեզերքի պատմութեան միակ Անմեղին՝ Աստուծոյ Անարատ Գառնուկին ծաղր ու ծանակի ենթարկուիլը, ապտակուիլը, երեսին նետուած թուքը, գլխուն վրայ դրուած փուշէ պսակը, Աստուածային փառքէն մերկանալը, վասն հնազանդութեան Հօր Աստուծոյ կամքին, որ էր փրկել մարդը մեղքէն։

Եկեղեցւոյ սուրբերը անձուկ պահերուն իրենց հայեացքը ուղղեցին Սուրբ Խաչին եւ ուրախութեամբ ընկալեցին նեղութիւններն ու տառապանքները, բանտը եւ մահը։ Ի զուր չէ, որ եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն Պօղոս առաքեալ, որ ինքզինքը կը ներկայացնէր որպէս «առաքեալներու յետինը, նոյնիսկ անարժան՝ առաքեալ կոչուելու», (Ա.Կորնթացիս, 15.9) ըսած էր. «Ես Տէր Յիսուսին վէրքին նշանները իմ մարմնիս վրայ կը կրեմ» (Գաղատացիս, 6.17)։ Պօղոս առաքեալ հաւատացած էր, որ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, նաեւ խորապէս համոզուած՝ Քրիստոսի վէրքերուն այս աշխարհի իշխանին՝ սատանայի խայթուածքը բուժած ըլլալու ճշմարտութեան, իրեն համար պատիւ կ՚ընկալէր վասն Քրիստոսի վիրաւորուիլը՝ ֆիզիքապէս։

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ այբուբենական կարգով գրի առած գիշերապաշտաման երգ՝ «Աստուած անեղ»ի «Խաւար մեղաց» տան մէջ ցայտուն բառերով կը պատկերացնէ Քրիստոսի Խաչի Պատարագին օրհնեալ արդիւնքը. «Մեղքի խաւարը հալածուեցաւ, քեզմով գիտութեան լոյս ծագեցաւ, օձին խայթուածը բժշկուեցաւ, մեր հիւանդութիւնը ողջացաւ, մեռածները կենդանացնողդ եւ խաւարածները լուսաւորողդ, քու Հօրդ լոյս օթեւաններուն մէջ հանգչեցուր մեր ննջեցեալները» (Ժամագիրք, աշխարհաբար՝ Եփրեմ Արքեպս. Թապագեանի)։

Հայ Եկեղեցւոյ երախտաշատ հոգեւորականներէն երանաշնորհ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան «Խաչը» խորագրեալ բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ.

Թէ համբուրուիս հետ իր վէրքին՝
Ինքը քեզի կեանք մը կուտայ,
Որպէսզի Իր Շունչը անգին
Ոգեւորես երկրի վրայ։

Խաչը շնորհ է եւ զօրութիւն. Խաչը կը բուժէ. Խաչը պահապան է. Խաչը անձնուրացութեան եւ Քրիստոսի հետեւելու նշան է. Խաչը կեանք է։

Վերացման Սուրբ Խաչի տաղաւարին աւանդական աղօթքի բառերով կը դիմենք մեր Փրկչին, ըսելով. «Քրիստոս Աստուած մեր, պահէ եւ պահպանէ մեզ՝ բոլորս սուրբ եւ պատուական Խաչիդ հովանիին տակ խաղաղութեան մէջ, փրկէ եւ ազատէ զմեզ երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիէն եւ արժանացուր մեզ գոհութեամբ փառաւորել Քեզ, Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյն հետ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն»։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

8 սեպտեմբեր 2022, Գնալը կղզի

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2022