ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԸ

«Եւ ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ մարդու որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ»։

(Յով․3-14)։

Վերջերս ոմանց համար իրադարձութիւնները բնական եւ պարզ երեւոյթ ընկալելը, նաեւ անտարբերութիւնը սովորական վիճակ դարձած են։ Օրինակ՝ այսպիսիներ երբ ճամբան կը հանդիպին արկածի մը, շատ ալ իրենց չի հետաքրքրեր, ոչ ալ հոգերնին կ՚ըլլայ, միայն իրենց նեղութիւնը այն կ՚ըլլայ, որ ճամբան խճողուած է եւ կրնան ուշանալ իրենց հասնելիք տեղը։ Իրենց հոգը չէ այդ արկածին կամ արկածահարին վիճակը, վերջապէս կը խորհին, որ իրենք որեւէ դեր չեն ունեցած այդ դէպքին մէջ, նաեւ ընելիք մը չունին։ Պատահարը եղած է արդէն։ Իսկ եթէ պատահի, որ իրենք այդ արկածին խառնուած են, այն ատեն խնդիրը անշուշտ կը տարբերի։ Այսպիսիներ լրահոսի լուրերուն ժամանակ ալ վաւերագրական ժապաւէն դիտելու նման կը հետեւին անոնց, որպէս թէ առիւծ մը կամ վագր մը իր հանապազօրեայ կերը ճարելու համար իր որսը կը յօշոտէ։ Անոնք որեւէ ցաւ չեն զգար, երբ կը լսեն ոճիր մը, թէ մէկը իր կինը, կամ նշանածը, կամ ընկերուհին եւ կամ իր բարեկամը սպաննած է։ Ենթակային կամ դէպքին տեսանիւթը դիտելու ժամանակ ալ նոյնպէս իրենց սրտին մէջ բան մը չի շարժիր, չեն փորձեր խորհիլ, թէ ո՞վ էր այդ անձը, ինչե՞ր ըրած էր մինչեւ այդ օր․ որո՞ւն զաւակն էր, սիրելիներ ունէ՞ր թէ ոչ, ի՞նչ յոյսերով այդ օր իր տունէն դուրս ելած էր եւ այլն։ Երբեք իրենց միտքէն նման բաներ չեն անցնիր, նոյնիսկ կը խորհին, որ այսպիսի դաժան լուրերով իրենց սիրտերը նեղելու կարիք չկայ։ «Աստուած մեզ եւ մեր ընտանիքը պահէ», կ՚ըսեն ու կը գոցեն նիւթը, այն մաղթանքով, որ փորձանքները իրենց շուրջէն յաւէտ հեռու ըլլան։

Վերջին շուրջ երեք տարիներու ընթացքին երբ քորոնավիրիւսի համաճարակը համայն աշխարհի վրայ կը տիրէր վնասներ հասցնելով եւ կեանքեր խլելով, շատ մը հիւանդներու մօտ բազում ախտանիշներու կարգին կը լսէինք հոտառութեան կամ համի կորուստներ, հիւանդները դարմանումի յաջորդող օրերուն կը վերստանային իրենց այդ կարողութիւնները։ Մէկը երեւակայենք, որ բնաւ հոտ կամ համ չ՚առներ․ չի տեսներ կամ չի լսեր, որքա՜ն նեղացուցիչ եւ ահռելի վիճակ է։

Անհոգութեան եւ անտարբերութեան պարագան ալ նոյնն է․ մարդ երբ կը կորսնցնէ կամ երբեք չ՚ունենար հոգատարութեան եւ կարեկցութեան յատկութիւն, չի կրնար վերոյիշեալ դէպքերու պարագային մտահոգուիլ, կամ հասկնալ իր շուրջ պատահածներու իմաստը, այս պարագային թէ՛ իր հոգեւոր կեանքը եւ թէ՛ ընկերային կեանքը կը վնասուի։ Անտարբեր եւ անհոգ մէկը՝ հոտառութիւնը խանգարուած եւ անուշ բոյրը եւ գարշելի հոտը իրարմէ զանազանելէ զուրկ մէկու մը նման հոգեւորը, նիւթականը, բարոյականը իրարմէ չի կրնար զանազանել։ Դարձեալ անտարբեր եւ անհոգ մէկը՝ կը նմանի լսողութիւնը խանգարուած եւ ականջալուր երաժշտութիւնը ու աղմուկը իրարմէ զանազանելէ զուրկ մէկու մը, որ կը տարուի աշխարհի աղմկալի իրադարձութիւններէն եւ չի լսեր կենարարին քաղցր ձայնը։

Վերջապէս անտարբեր եւ անհոգ մէկը՝ կը նմանի տեսողութիւնը խանգարուած մէկու մը, որ ո՛չ գեղեցիկը եւ ո՛չ ալ տգեղը կրնայ զանազանել։ Ան փոխանակ իր փրկութեան համար խաչ բարձրացած եւ իր դիմաց կանգնած Քրիստոսը տեսնելու, կը դիտէ միայն իր դիմաց կանգնած բոլոր դժուարութիւնները։ Եսասէր այսպիսի մէկը ամէն բան իր չափանիշներով կ՚արժեւորէ, համամարդկային եւ բարոյական ոչ մէկ արժէք նշանակութիւն կ՚ունենայ իրեն համար։ Կրօնական արժէքներն ալ միայն իր տեսանկիւնէն կը դիտէ ու կը մօտենայ որքան որ իրեն օգտակար է, երբեք եղելութեան խորքին թափանցել չի փորձեր:

Տարուան վերջին տաղաւարի՝ Խաչվերացի այս սուրբ օրերուն, նաեւ երբ միշտ եկեղեցի կը մտնենք ու խաչի նկարին առջեւ կը կանգնինք, խորհինք, թէ ո՞վ է Խաչեալ Քրիստոս, ինչո՞ւ խաչուեցաւ, ի՞նչ էր այս խաչելութեան նպատակը եւ մեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի։

Ս. Գիրքերը շարունակ կը յիշեցնեն, որ Քրիստոսի խաչելութիւնը մեզի եւ մեր յաւիտենական կեանքին համար իրականացաւ։ Բայց պահ մը խորհինք, թէ ինչ մեծ զոհողութիւն էր Քրիստոսի խաչելութիւնը, որ մեզի համար իրականացաւ։

Քաջ համոզուինք, որ այդ պատահեցաւ Աստուծոյ ողորմութեան շնորհիւ, իսկ շատերու համար «Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա»։ (Ա․ Կորնթ 1-1։18)։

Այո՛, ներկայ դարուն մէկու մը համար զոհաբերուիլ, մանաւանդ իր սիրելիներուն համար խաչի նման դաժան մահով մը մահուան երթալ իսկապէս յիմարութիւն է։ Բայց աշխարհի այս յիմարութիւն նկատածը Աստուած իր անճառելի սիրովը յանձն առաւ ու Քրիստոսի խաչելութիւնը եւ խաչելութեան առարկայ խաչի խորհուրդը, աշխարհի տկար նկատուածներու փրկութիւն եւ յաւիտենականութեան տանող ճամբուն վրայ ամուր ու անսասան կամուրջ մը եղաւ։

Խաչի նկարին առջեւ կենալու ժամանակ գիտնանք, որ անապատին մէջ Մովսէսի պղինձէ օձը բարձրացուցած այն օրերուն ինչպէս օձերէ խայթուողներ կ՚երթային ու կը նայէին այդ պղնձեղէն գաւազանին ու կը փրկուէին մահէն, նոյնպէս մենք ալ Քրիստոսի փրկութեան գաւազան՝ Ս․ Խաչին նայելով կը փրկուինք աշխարհի բոլոր մահաբեր ու թունաւոր պտուղներէն։

ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2022