ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ԱՆԳԼԻՈՅ ԹԱԳՈՒՀԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ցաւակցագիր մը ուղարկած է Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի մահուան կապակցութեամբ։ Չարլզ Գ. թագաւորին յղուած է Նորին Սրբութեան ցաւակցականը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը յանուն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան ցաւակցութիւն յայտնած է Անգլիոյ Չարլզ Գ. նոր թագաւորին։

Նորին Սրբութիւնը ցաւակցական նամակին մէջ նշած է, որ երկարամեայ գահակալութեան ընթացքին Էլիզապէթ Բ. Միացեալ Թագաւորութեան ծառայեց հաւատքով ու սիրով՝ հանդէպ Բրիտանիոյ ժողովուրդին։ Եօթ տասնամեակ շարունակ ան իր ժողովուրդին ներշնչեց միասնականութիւն եւ ամենադժուար ժամանակներուն դարձաւ ուժի եւ վճռականութեան խորհրդանշան մը։

Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցականին մէջ հայցեց Բարձրեալն Աստուծմէ իր երկնային օթեւաններուն մէջ խաղաղութեամբ հանգչեցնել Էլիզապէթ Բ. թագուհիի հոգին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2022