ԳԱՆՁԵՐՈՒ ԲԱՆԱԼԻՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին աւանդական շուքով նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը, որ եկաւ բնորոշել նաեւ Հայ մշակոյթի շաբթուան սկիզբը։ Քաղաքիս մէջ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան մեր ամենահայահոծ թաղի՝ Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր ստեղծուեցաւ տօնական բարձր տրամադրութիւն։ Արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ զանգակները Շաբաթ առաւօտ ղօղանջեցին տօնական աւետիսով։ Օրուան պատարագիչն էր՝ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էին՝ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։
Իր քարոզին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը խօսեցաւ իմաստի կարեւորութեան մասին։ Արդարեւ, կրօնի պարագային իմաստը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Եթէ իմաստը չփոխանցուի, ապա ամէն ինչ կը կորսուի։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս հիման վրայ բացատրեց, որ Սրբոց Թարգմանչաց տօնն ալ, իրականութեան մէջ, իմաստի տօնն է։
Երբ հայերը ընդունեցին քրիստոնէութիւնը, այդ ժամանակ ուրիշ ազգերու մէջ ձուլուելու վտանգին դէմ յանդիման մնացին։ Ամէն ինչ յունարէնով, արամերէնով կամ ասորերէնով էր։ Փոքր Հայքի մէջ յունացման, իսկ Մեծ Հայքի մէջ կրապաշտանալու վտանգը ստեղծուեցաւ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան մատնանշեց, որ այդ ժամանակ մեր նախահայրերը ունեցան մեծ տեսլական մը։ Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսը եւ Վռամշապուհ արքան հետամուտ եղան մեծ ծրագրի մը եւ այսպէսով ստեղծուեցաւ մեր այբուբենը։ Ժողովուրդի գրել-կարդալ սորվելուն առընթեր, Աստուածաշունչը թարգմանուեցաւ հայերէնի՝ որպէս Թագուհի թարգմանութեանց։ Միեւնոյն ժամանակ, այլ ազգերու օրինակներուն ներշնչումով՝ հաստատուեցան դպրոցներ, սկսաւ նաեւ թարգմանական մեծ շարժումը։ Սկսան շարականներ գրուիլ հայերէնով։ Ժողովուրդին մօտ գրել-կարդալը զարգացաւ։ Մեսրոպ Մաշտոց շրջան մը գտնուեցաւ նաեւ Պոլսոյ մէջ։ Գրի եւ գրականութեան մշակները լրջօրէն սատարեցին այդ շրջանի ձեռքբերումներուն։ Նորին Սրբազնութիւնը այս բոլորը մեկնաբանեց նաեւ կեանքը իմաստաւորելու տեսանկիւնէն։
Անդրադառնալով նաեւ Հայ մշակոյթի շաբթուան սկիզբին՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընդգծեց, որ պէտք է լաւագոյնս անդրադառնալ, թէ ի՛նչ է հայ ըլլալը։ Քարոզի այս փուլին ան ողջունեց նաեւ արարողութեան մասնակից Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները եւ յորդորներ ուղղեց անոնց։ Նորին Սրբազնութիւնը շեշտեց, որ պայմանները ինչքան որ ալ դժուար ըլլան՝ մեր լեզուն պէտք է պահել անպայման։ «Եթէ լեզուն չգիտնաս, չես կրնար թափանցել իմաստին։ Եթէ չփոխանցենք, ապա կը կորսնցնենք զայն։ Ուրեմն, պէտք է աշխատինք, շատ աշխատինք։ Մենք ունինք կղպուած գանձեր, որոնց կղպանքը կրնանք բանալ եթէ գիտնանք մեր լեզուն։ Այսօր եթէ նոյնիսկ թուի ըլլալ նեղացուցիչ, ապագային շատ լաւ պիտի հասկնանք այդ գանձերուն արժէքը», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ թարգմանիչ վարդապետները որակեց Աստուծոյ մշակներ։
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան մեր հանգուցեալ մտքի ու գրչի մշակները, նաեւ մամլոյ սպասաւորները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ՝ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի հիւրընկալմամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը, հոգեւոր հայրերն ու դպիրները համախմբուեցան տիկնանց կազմին կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ՝ ըմբոշխնելով օրուն տօնին առթած զգացումները։