«ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՅԱՆՈՒՆ ԱՆՎՏԱՆԳ ԱՇԽԱՐՀԻ» ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՍՏԱՆԱՅԻ ՄԷՋ

Ղազախիստանի մայրաքաղաքը՝ Աստանայի մէջ այսօր կը սկսի Համաշխարհային եւ աւանդական կրօններու առաջնորդներու 6-րդ համագումարը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ երկօրեայ այս համագումարին կը մասնակցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Աստանայի հաւաքին ժամանակ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը ներկայացնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Ուքրայնոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան, որ միեւնոյն ժամանակ այս համագումարի գործադիր կոմիտէէն ներս Հայ Եկեղեցին կը ներկայացնէ։

«Կրօնական առաջնորդները յանուն անվտանգ աշխարհի» խորագրեալ լիագումար նիստէն յետոյ, երկօրեայ աշխատանքներու ընթացքին տեղի կ՚ունենան զանազան քննարկումներ, որոնք կը վերաբերին 21-րդ դարու աշխարհին, յարափոփոխ աշխարհաքաղաքականութեան մէջ կրօններու դերակատարութեան՝ մարդկութեան համախմբման տեսակէտէ, կրօնի եւ համաշխարհայնացման ազդեցութեան եւ կրօնական առաջնորդներու ու քաղաքական գործիչներու վիճակած լուրջ գործին՝ ծայրայեղութեան եւ ահաբեկչութեան յաղթահարման ուղղութեամբ։

Այս համագումարի շրջանակներէն ներս նախատեսուած է նաեւ Աստանայի մէջ հիմնուած Խաղաղութեան եւ համերաշխութեան թանգարանի պաշտօնական բացման արարողութիւնը։  

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2018