Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ, ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ քուէարկեց Էջմիածին քաղաքի 14/11 ընտրական տեղամասին մէջ, ուր Հայաստանի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեան մասնակցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու ուղեկցութեամբ։ Քուէարկելէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը մամլոյ սպասաւորներուն ըսաւ.
«Քուէարկեցինք աղօթքով մեր երկրի կայունութեան, խաղաղութեան եւ յառաջընթացին համար՝ որպէսզի մեր ժողովուրդը ապրի ապահով, անվտանգ ու բարօր կեանքով, սիրոյ եւ միաբանութեան մէջ։ Թող Աստուած օրհնէ մեր երկիրը եւ աշխարհասփիւռ ազգս հայոց»։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018