ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՄՆ-Ի ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր երեկոյեան մասնակցեցաւ Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ աւագ հիւպատոս Ճուլի Էտէի տանտիրութեամբ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Այս հաւաքոյթի նպատակն էր նորանշանակ աւագ հիւպատոսին ծանօթութիւնը ապահովել քաղաքիս դիւանագիտական շրջանակներուն եւ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ արդէն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալած էր Ճուլի Էտէն, հերթական անգամ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց անոր: 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2022