ՕՔԱՄՓՈՅԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Միջազգային քրէական ատեանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն, որ վերջին շրջանին ներգրաւուած է՝ Արցախի գերեվարուած ու Պաքուի մէջ ի պահ դրուած ղեկավարներու ազատ արձակման ուղղեալ պայքարին։
Զրոյցի ընթացքին Օքամփօ Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ Ատրպէյճանի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման ուղղութեամբ ծաւալուած գործունէութեան եւ արձանագրուած արդիւնքներուն շուրջ։ Լուիս Օքամփօ կարեւորեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հնչած կոչը՝ Պաքուի մէջ մօտաւոր անցեալին կազմակերպուած COP29 գագաթաժողովին ընդառաջ՝ քրիստոնեայ եկեղեցիներու եւ կառոյցներու աղօթակցութեան համար հայոց եկեղեցւոյ գերեվարուածներու տունդարձի եւ Հայաստանին նուիրուած ընդհանրական աղօթքի նախաձեռնութեան համար։
Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով անդրադարձաւ Օքամփոյի ներդրած ջանքերուն՝ Արցախի հայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ միջազգային իրաւունքի ոլորտէն ներս իր փորձառութիւնն ու հեղինակութիւնը՝ իրագործման նպատակով ծառայեցնելու բերումով։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւս ի գործ կը դնէ իր կարելին միջազգային, միջեկեղեցական, միջկրօնական հարթակներու վրայ, որպէսզի Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու բռնազաւթման, Արցախի հայրենազրկուած հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, գերութեան մէջ պահուող եւ անյայտ կորած հայորդիներու վերաբերեալ խնդիրները համապատասխան արձագանգ գտնեն՝ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով հանդերձ։
Հուսկ, զրուցակիցները կարծիքներ փոխանցեցին Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։