ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 5-ԱՄԵԱԿԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի համար այսօր յոբելենական օր է։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան հնգամեակն է այսօր։ Նորին Ամենապատուութեան Պոլսոյ Պատրիարքութեան նուիրապետական աթոռին վրայ բոլորած հինգ տարիները եւ թեւակոխած յոբելեանը ուրախառիթ իրադարձութիւն կը համարուի թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։

Ջերմօրէն շնորհաւորելով գահակալութեան տարդարձը՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կը մաղթենք արեւշատ տարիներ՝ ուղիղ վարդապետութեամբ։

Շաբաթ, Յունուար 11, 2025