ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆ

Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի գահակալութեան 30-ամեակին առթիւ այս շրջանին կը գործադրուի յոբելենական ծրագիր մը։ Երէկ երեկոյեան Նորին Սրբութեան գործունէութեան վերաբերեալ պատրաստուած փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին երեկոյթին մասնակցեցաւ հրատարակչական բաժնի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Արնավուտգիւղի Աիոս Թաքսիարխիս յունաց եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։

Համավարակի սահմանափակումներու համապատասխան կազմակերպուած այս հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան քաղաքիս զանազան յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւագ հիւպատոս Տարիա Տարնել, դիւանագիտական, ակադեմական, եկեղեցական եւ այլ շրջանակներէ ներկայացուցիչներ։

Բոլոր ներկաները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ժապաւէնին, որով ներկայացուած դրուագներով վերյիշեցին անցեալ երեք տասնամեակներու անոր ծաւալած ընդարձակ ու բազմակողմանի գործունէութեան հիմնական առանցքները։

Ցուցադրութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին խորապէս տպաւորուած ձեւով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն։ «Անցնող երեսուն տարիներուն ջանացի բաներ մը ընել։ Գահակալութեանս շրջանին գրեթէ ամբողջ աշխարհը շրջեցայ։ Աշխատեցայ ծառայել եւ մեր Աթոռին վարկը բարձր պահել։ Տեսայ, որ մեր 1700-ամեայ Աթոռը ունի իր ուրոյն տեղը։ Ես պարզապէս ջանացի ծառայել», ըսաւ ան։

Ձեռնարկի եզրափակիչ փուլին Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան Նորին Սրբութեան փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի շնորհաւորութիւններն ու եղբայրական խնդակցութիւնները։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 11, 2022