Ի՞ՆՉ Է ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Մեծ պահքի քսանիններորդ օրն է:

Շատեր կրնան հարցնել, թէ ի՞նչ է պահեցողութեան նպատակը: Այս հարցումը ո՛չ միայն պահքին կասկածամտութեամբ մօտեցողները, կամ ընդհանրապէս պահքը չընդունողները կու տան, այլ առաւել եւս, պահեցողները, մանաւանդ անոնք, որոնք քայլ առ քայլ կը սկսին աճիլ հոգեւոր կեանքին մէջ:

Ի՞նչ է հետեւաբար պահեցողութեան նպատակը: Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեանը այսպէս կը գրէ. «Պահեցողութեան նպատակն է հոգին ապրեցնելու համար մահացնել մարմինն ու զգայութիւնները։ Պահեցողութեան նպատակը միտքի մաքրութիւնն ու սիրտի սրբութիւնն է»:

Ի՞նչ ըսել կ՚ուզուի հոգին ապրեցնելու համար մարմինն ու զգայութիւնները մահացնել: Բնականաբար ըսուածը ֆիզիքական մահուան մասին չէ: Մարդ երբ իր մարմինին տիրութիւն չընէ, ապա իր մարմինը կամաց-կամաց կը սկսի տիրել իր վրայ՝ իր զգայութիւններուն միջոցով: Այսինքն, մարդ երբ ինքնիրեն, իր հոգիի առողջութեան ուշադրութիւն չդարձնէ, ինքզինք յանձնէ իր մարմինի քմահաճոյքներուն, այլ խօսքով՝ ինքզինք յանձնէ աշխարհիկ սանձարձակ կեանքին, ապա կը գերեվարուի իր մարմինին կողմէ, սնուցանելով ու արբեցնելով կը պարարտացնէ իր մարմինը, մահացնելով իր հոգին: Ահա, այս եւ նմանօրինակ պարագաներու երբ մարդ պահքին դիմէ եւ պահքի միջոցով ապաշխարութեան եւ աղօթքներու, ապա ինք տէրը կը դառնայ իր մարմինին ու զգայութիւններուն եւ կը կառավարէ զանոնք: Որովհետեւ՝ «ինչպէս որ երբ մարմինը կերակուրներով կը զօրանայ, հոգին կը տկարանայ, այդպէս ալ երբ մարմինը պահեցողութեամբ կը տկարանայ, հոգին կը զօրանայ՝ ըստ այսմ. “Երբ տկար եմ, այն ատեն զօրաւոր եմ” (Բ.Կր 12.10)» (Պօղոս Պատրիարք Ատրիանապոլսեցի):

Հետեւաբար, մարդ ո՛չ միայն քառասնորդացին, այլեւ տարուան ընթացքին տարբեր-տարբեր ժամանակներու՝ ինչպէս Եկեղեցին հաստատած է, պէտք է պահք պահէ, որպէսզի տէր ու տիրական մնայ իր մարմինին եւ ո՛չ թէ հակառակը:

Արդարեւ, մարդ երբ իր մարմինին տէրը կ՚ըլլայ, կը կառավարէ զայն, այդ կը նպաստէ մարդուն, որպէսզի նաեւ զբաղի իր միտքի մաքրութեամբ եւ սիրտի սրբութեամբ: Այլ խօսքով, երբ մարդ պահեցողութեան միջոցով կը ճնշէ իր մարմինը, ազատութիւն կու տայ իր հոգիին, ապա իր հոգին՝ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ իր գործը կ՚ընէ՝ մաքրելով ու սրբելով մարդուն ներաշխարհը, զայն բնակարան դարձնելով Սուրբ Երրորդութեան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2024