Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
Ս. ՊԱՊԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՅՈՒՆԻՍԻՆ
Հռոմէկան Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Հայաստան պիտի այցելէ 24-26 Յունիս թուականներուն։ Այս այցելութիւնը կը կայանայ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հրաւէրով։
Միւս կողմէ, Վատիկանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս տարի աշնան Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ նաեւ Վրաստան եւ Ատրպէյճան։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016