ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի պատգամաւորական ժողովին։ Նկատի ունենալով, որ Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուէր Արեւելեան Թեմէն ներս, Թեմական տարեկան պատգամաւորական ժողովի մասնակիցներուն փոխանցեց իր օրհնութեան պատգամը։ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը եւ ուրախութիւն յայտնեց, թէ Նորին Սրբութեան կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Թեմական պատգամաւորական 113-րդ ժողովին։ Իր ելոյթին մէջ Նորին Սրբութիւնը կանգ առաւ եկեղեցական կեանքի առաջնորդութեան համար անհրաժեշտ կանոններու հաստատման վրայ, ըստ զանազան երկիրներու կրօնական կազմակերպութիւններու վերաբերեալ պատկերացումներուն եւ օրէնքներուն։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը Ուաշինկթընի մէջ պատարագեց Անարատ Յղութեան մայր տաճարին մէջ։ Հայրապետական Ս. Պատարագին ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեան, ԱՄՆ-ի զանազան ծուխերէն եւ համայնքներէն հաւատացեալներ, Ուաշինկթընի Արքեպիսկոպոս-կարտինալ Տոնալտ Վերլ եւ քոյր եկեղեցիներէ այլ ներկայացուցիչներ։
«Որպէս արդար Աստուծոյ որդիներ՝ մենք պիտի շարունակենք աննուազ ջանքերը մեր ազգին հանդէպ, ինչպէս նաեւ մարդկութեան կեանքէն ներս արդարութեան հաստատման եւ յաղթանակին համար», ըսաւ իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը՝ Ուա-շինկթընի մայր տաճարի երդիքին տակ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024