ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց երէկուան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, որու ընթացքին կատարուեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Պատարագիչն էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, որ քահանայ ձեռնադրեց 12 սարկաւագներ։

Նորաօծ 12 քահանաները քառասնօրեայ ապաշխարութեան շրջանը պիտի բոլորեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, իսկ աւելի վերջ ծառայութեան պիտի կոչուին Հայ Եկեղեցւոյ զանազան կառոյցներէն եւ թեմերէն ներս։

Երկուշաբթի, Յունիս 11, 2018