ՖՐԵԶՆՈՅԷՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Ֆրեզնոյի Պետական համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնի խումբ մը ուսանողներ։ 1-4-րդ լսարանէ ուսանողական խումբը գլխաւորեց ամպիոնի վարիչ Տքթ. Պարլոու Սրկ. Տէր-Մկրտիչեան։

Հանդիպման ընթացքին Տէր-Մկրտիչեան ընդգծեց, որ համալսարանի աւելի քան 25 հազար ուսանողներու 5 հարիւրը հայ է, իսկ Հայագիտութեան ամպիոնի դասընթացքներուն ամէն տարի կը մասնակցի շուրջ 150 ուսանող։

Ողջունելով համալսարանականները՝ Վեհափառ Հայրապետը բոլորին փոխանցեց իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը։ Ան երիտասարդներուն պատգամեց ըլլալ ժրաջան եւ ուսումնատենչ, որպէսզի ապագային, ուր որ ալ բնակին, իրենց նուիրեալ ու արդիւնաւէտ ծառայութիւնը բերեն հայ ժողովուրդին եւ Հայ Եկեղեցւոյ։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի տեւողութեան ուսանողաց խումբին բարի կեցութիւն մաղթեց Հայաստանի մէջ։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2019