ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺ

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգութիւնը այս շրջանին առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դարձած է՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զաւակներուն կողմէ։ Մայր Տաճարը միջոցէ մը ի վեր ի հիմանէ կը վերանորոգուի եւ այդ աշխատանքներուն յառաջիկայ տարի եզրափակումը կը նախատեսուի։ Այս մթնոլորտին մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն համայն աշխարհի հայութեան ուղղուած է «Եկայք շինեսցուք Սուրբ զխորանն լուսոյ» կոչը։ Անցեալ յունիսի 23-ին, Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին օրը հրապարակուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Հայրապետական սրբատառ կոնդակը։ Վեհափառ Հայրապետի կոնդակը հրապարակուեցաւ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան ու բարեզարդ պահպանման ի նպաստ ձեռնարկուած համազգային հանգանակութեան առթիւ։

Մինչ այդ, Մայր Տաճարի նորոգութեան համար նուիրաբերուած օգնութիւնները համակարգելու նպատակով հաստատուած է աշխատանքային խումբ մը, որու գլուխը կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան։ Այս աշխատանքային խումբը կազմուած է Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ ու Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հաստատումով։ Նոյն ամբողջին մէջ ստեղծուած են նաեւ ազգային բարերարներէ եւ թեմերու ներկայացուցիչներէ բաղկացեալ հոգաբարձուներու պատուոյ յանձնախումբ մը եւ գործադիր մարմին մը։

Վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ այս աշխատանքային խումբի երկրորդ հանդիպումը, որուն նախագահեց Նորին Սրբութիւնը։ Նիստի ընթացքին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը աշխատանքային խումբի անդամներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը՝ կարեւորելով այս խումբի ստանձնած առաքելութիւնը ի պայծառութիւն Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին։ Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Մայր Տաճարի խորհուրդին հայոց կեանքէն ներս։ Ան ընդգծեց, որ յաճախ Մայր Տաճարով պայմանաւորուած է հայրենիքի գոյութիւնը եւ ազգի յարատեւումը։ «Աստուծոյ փառք կու տանք, որ ունինք Սուրբ Էջմիածինը՝ որպէս Աստուծոյ մշտական ներկայութիւն մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ ան մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի փրկութիւն, դէպի յաւերժութիւն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու մաղթեց, որ մեր ժողովուրդի զաւակները ամէնուրեք ապրին Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեան ներքեւ ու փարած մնան անոր խորհուրդին։ Ըստ Նորին Սրբութեան, համազգային հանգանակութիւնը իւրաքանչիւր հայորդիի համար նախ եւ առաջ հոգեւոր վերարթնութեան առիթ մըն է։

Խորհրդակցութեան ընթացքին զեկոյցներ ներկայացուեցան Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգութեան աշխատանքներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական-ծանուցողական նիւթերու նախապատրաստման ու հրապարակման շուրջ։

Քննարկուեցան զանազան թեմերէ ներս հանգանակութեան կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր։ Տեղեկացուեցաւ, որ այս նպատակով թեմերէ ներս սկսած է տեղական յանձնախումբերու ձեւաւորումը։ Յառաջիկային աշխատանքային խումբի պատասխանատու Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան հանգանակութիւններու աշխատանքներուն նպատակով այցելութիւններ պիտի կատարէ դէպի Գանատայի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան, Պրազիլի, Արժանթինի, Ֆրանսայի, Եգիպտոսի, Անգլիոյ եւ Դամասկոսի հայոց թեմերը, նաեւ Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութիւն, որու կեդրոնը կը գտնուի Վիեննայի մէջ, Աւստրիա։

Որոշուեցաւ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնի՝ Մայր Տաճարի Նաւակատիքի օրը ձեռնամուխ ըլլալ հանգանակութեան գործնական ընթացքին։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական համակարգը հաղորդեց, որ յառաջիկային պիտի հրապարակուին նաեւ Մայր Տաճարի ի նպաստ կատարուելիք նուիրատուութիւններու փոխանցման համար անհրաժեշտ տուեալները։

Կը նախատեսուի, որ այս հանգանակութիւնը պսակուի լիակատար յաջողութեամբ՝ շնորհիւ լայն մասնակցութեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019