ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը, որուն կ՚ընկերանար Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան։
Ողջունելով ՀԲԸՄ-ի նախագահի այցելութիւնը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ ՀԲԸՄ-ի բազմաբնոյթ ծրագրերուն Հայաստանի եւ սփիւռքի համայնքներէ ներս, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի հետ արդիւնաշատ գործակցութեան։ Պերճ Սեդրակեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի կողմէ աշխարհի զանազան երկիրներէն ներս հայապահպանութեան եւ հայկական մշակոյթի զարգացման ուղղեալ ծրագրերը։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ համահայկական շարք մը խնդիրներու, ներառեալ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ Հայոց Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։ Մասնաւորապէս խօսուեցաւ սփիւռքեան համայնքներու կեանքէ ներս հայոց լեզուի գործածութեան վերաբերեալ մարտահրաւէրներուն եւ հայ ինքնութեան պահպանման վրայ անոնց ազդեցութեան մասին։ Կարեւորուեցաւ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը յատկապէս երիտասարդ սերունդի՝ համայնքային կեանքէ ներս գործօն ներգրաւման հարցին մէջ։ Այդ կապակցութեամբ յատկապէս ընդգծուեցաւ ժամանակակից փորձագիտութիւններու արդիւնաւէտ գործածութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերէն ներս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան իրականացման գործին մէջ։
Պերճ Սեդրակեան Նորին Սրբութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանէն ներս մօտ օրերս բացուելիք «Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսի մասին, ուր պիտի ցուցադրուին Հայոց Եկեղեցւոյ կողմէ դարերով պահպանուած՝ 4-18-րդ դարերու հոգեւոր-մշակութային գանձեր եւ սրբութիւններ։
Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ այս ցուցահանդէսի բացառիկ բնոյթին՝ ընդգծելով, որ այդ մէկը հպարտութեամբ կը լեցնէ հայորդիներու սրտերը եւ աշխարհ հերթական անգամ ականատես կ՚ըլլայ համաշխարհային հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան մէջ հայ ժողովուրդի իւրայատուկ ներդրման։
Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւնը Պերճ Սեդրակեանին եւ Վազգէն Եագուպեանին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերուն ի նպաստ ՀԲԸՄ-ի շարունակական աջակցութեան համար։