ՉՈՐՑԱԾ ՓԱՅՏԷՆ ՆՇԱՆ ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ

Յանսաղարթաբեր արմատ փայտին մակադրեալ զքեզ
անհպելի հպմամբ եւ սեւեռեալ բեւեռօք,
եւ ի հրացայտ կողի քո ի ձեռն զինու տիգի
հոսանս վտակաց գործեցեր…
(Շարական Աւագ Օրհնութեան ԲԿ)

Տարւոյն վերջին տաղաւարն է այսօր. Խաչվերաց։ Խաչը, մեզի կը յիշեցնէ մահուան դէմ տարուած յաղթանակը։ Պատմութիւնը այնպէս կը զարգանայ, որ այս յիշատակութեան անբաժանելիօրէն կը միանայ նաեւ, Խաչը գերութենէն ազատագրելու համար նախանձախնդիր Քրիստոնեայ հասարակութեան մղած պայքարի մը յաղթանակը։ Այս յաղթանակը կը վերածուի հոգեւոր ցնծութեան ու ընդմիշտ կը ներկայանայ Խաչը եւ Խաչի հաւատքը բարձր պահելու սրբազան պատգամով։

Փայտ բառը ընդհանրապէս կ՚ընկալուի, որպէս շինանիւթ եւ կամ վառելանիւթ։ Սակայն եւ այնպէս՝ մեր ոսկեղնիկ գրաբարի մէջ, կը գործածուի նաեւ ապրող ծառի իմաստով, ծառ՝ որուն մէջ կեանք կայ, եղանակին համաձայն տերեւներով, ծաղիկներով եւ պտուղներով զարդարուած։ Նոյնիսկ տեսակին համաձայն, տերեւաթափէն յետոյ մերկացած վիճակի մէջ եւս կ՚ապրի, ողջունելու համար գարնան իրականանալի փթթումը։

Ստեփանոս Սիւնեցիի հեղինակած շարականի «Անսաղարթաբեր փայտ» բառերը ակնարկութիւն են Խաչի նիւթին։ Փայտ, որ կարելի է օգտագործել շինութեան մէջ եւ կամ որպէս վառելանիւթ։ Սուրբ Գիրքէն կը կարդանք, թէ Աստուած Մովսէսին հրահանգեց ըսելով. «Քեզի մօտեցուր քու եղբայրդ Ահարոնը՝ իր որդիներուն հետ՝ Իսրայէլի որդիներուն մէջէն, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն. Ահարոնը եւ իր որդիները՝ Նադաբը ու Աբիուդը, Եղիազարը ու Իթամարը։ Եղբօրդ Ահարոնին սուրբ զգեստներ շինէ՛ պատիւի ու փառքի համար։ Դուն ըսէ բոլոր իմաստուն միտք ունեցողներուն, որոնք ես իմաստութեան հոգիով լեցուցի, որ Ահարոնին զգեստներ շինեն՝ զանիկա օրհնելու համար՝ որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընէ» (Ելից, 28.1-3)։ Երբ Ահարոնի քահանայութեան նկատմամբ ոմանք տրտնջալ սկսան, Աստուած «անսաղարթաբեր փայտէ» շինուած գաւազանի մը միջոցաւ ցոյց տուաւ, թէ Իր կամքովն էր, որ Ահարոն ընտրուած էր քահանայութեան պաշտօնին։ Աստուած դադրեցնելու համար Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը՝ հրաշքով մը ցոյց տուաւ Իր կամքը, երբ վկայութեան խորանին առջեւ դրուած գաւազաններէն միայն «Ահարոնին գաւազանը ծաղկեցաւ ու ծլեցաւ եւ ծաղիկ բացաւ ու նուշեր հասցուց» (Թուոց, 17.1-8)։

Ահարոնի ծաղկեալ գաւազանը կը ներկայացնէր քահանայութիւնը եւ այս առումով ալ գաւազանը դրուեցաւ Ուխտի Տապանակին մէջ։ Աստուած, Հին Ուխտի մէջ հաստատած Ղեւտական քահանայութեան փոխարէն, երդմամբ հաստատեց «ըստ կարգի Մելքիսեդեկի քահանայութիւնը»։ Քրիստոս է «ըստ կարգի Մելքիսեդեկի» քահանայապետը, որուն կ՚ակնարկէ Սաղմոսաց Գիրքը. «Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ. «Դուն յաւիտեան Մելքիսեդեկի կարգին պէս քահանայ ես» (109/110.4)։

Քրիստոս պէտք չունէր կատարելու այն, ինչ որ կ՚ընէին Ղեւտացի քահանաները իրենց եւ ժողովուրդին մեղքերուն համար ամէն օր զոհեր մատուցանելով։ Քրիստոս, յաւիտեան կ՚ապրի եւ եւ իր քահանայութիւնը անվախճան է։ Քրիստոս, այն «սուրբ, անմեղ, անարատ, մեղաւորներէն զատուած Քահանայապետն է, որ միայն մէկ անգամ ինքզինքը ընծայեց իբրեւ յաւերժական զոհ» (Եբրայեցւոց, 7.24-27)։

Աստուած՝ անմատչելի է։ Աստուած՝ անհպելի է. Աստուած՝ անշօշափելի է։ Սակայն կը հաւատանք, թէ Աստուած մարդացաւ. անժամանակն Աստուած՝ մարմին առնելով ժամանակահատուածի մէջ գործեց, որպէսզի ուղղակիօրէն իր կամքը փոխանցէ մարդկութեան. Սուրբ Պատարագի ծածուկ աղօթքներուն մէջ կը կարդանք. «…Ինք, որուն դիմաց նոյնիսկ զուարթուններու գունդերը՝ չէին կրնար կանգնիլ, զարհուրելով՝ Աստուածութեանդ փայլակնացայտ եւ անմերձենալի լոյսէն, մեր փրկութեան համար մարդանալով՝ երկնայիններու հոգեղէն խումբերուն միախառնուելու շնորհքը տուաւ մեզի»։ Դարձեալ, «Որովհետեւ հաստատապէս եւ առանց ցնորքի մարդ դառնալով եւ անշփոթ միաւորութեամբ մարմնանալով Աստուածածնէն՝ Սուրբ Կոյս Մարիամէն. մարդկային կեանքին յատուկ բոլոր ներգործութիւններէն անցաւ՝ առանց մեղանչելու, եւ աշխարհը եւ մեզ փրկելու համար կամաւորաբար խաչուելու եկաւ» (Պատարագամատոյց, թրգ. Զարեհ Արքեպս. Ազնաւորեան)։

Եւ ահա խաչելութիւնը իրականացաւ «անսաղարթաբեր փայտին» վրայ։ Մարդիկ, որոնք լոյսը մերժելով նախընտրած էին խաւարի մէջ բնակիլ, Քրիստոսը տեղադրեցին այդ չորցած փայտին վրայ ու գամերով ամրացուցին թեւերն ու ոտքերը։ Եւ այդ չորցած փայտը, արդարի արեամբ ոռոգուելով ծաղկեցաւ։ Այդ անշօշափելի ծաղիկը յայտնուեցաւ անուշահոտութեամբ, որ մահուան անէծքի չքացման բուրմունքն էր։ Սեբերիանոս Եմեսացի, Քրիստոսի չարչարանքներուն ձօնուած ճառին մէջ, ակնարկելով Խաչի պատարագին կը գրէ. «մահը մահացաւ, մեղքը սատակեցաւ. [խաչը], մեզի համար եղաւ պատարագ  քաւութեան, թշնամիին՝ խայտառակութիւն: Մեզի համար այսօր սկիզբ առաւ կեանքը, եւ նշան  յաղթութեան՝ ընդդէմ հակառակորդին»։

Մեր հարեւաններէն անոնք, որոնք առիթ չեն ունեցած գաղափար կազմելու Քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներու մասին, Քրիստոնէից սրբութեան նշանը՝ Սուրբ Խաչը «կուռք» կոչելու կը յանդգնին։ Բնականաբար այդ արժեւորումը կ՚ընեն իրենց հաւատքի սկզբունքներուն ուղղութեամբ ստացած դաստիարակութեան հիման վրայ։

Սուրբ Աւետարանին հաւատացած, Քրիստոսը որպէս «Փրկիչ Աշխարհի» դաւանած հաւատացեալներու համար Խաչը որեւէ կապ չունի կռապաշտ հեթանոսներու պաշտած չաստուածներու արձաններու կամ կիսանդրիներուն եւ կամ ատրուշաններու հետ։ Իրաւ է, թէ մեր ժողովուրդը գաւառական մաքուր աւանդութեամբ քրիստոնեայ հաւատացեալին համար կը գործածէ ժողովրդականացած «խաչապաշտ» ածականը։ Սակայն եւ այնպէս, սա անյեղլի ճշմարտութիւն մըն է, թէ Քրիստոնեայ ճշմարիտ հաւատացեալներ երբ Սուրբ Խաչի նշանին առջեւ աղօթքի կը կենան, Խաչի նշանին ընդմէջէն կը խոնարհին երկինքի եւ երկրի, երեւելի եւ աներեւոյթ ամէն ինչի Արարչին՝ Աստուծոյ, նաեւ Խաչով իրագործուած փրկագործութեան մեծ եւ սքանչելի խորհուրդին առջեւ։ Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն էր, որ «ամբարիշտը չմեռնի եւ իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի» (Եզեկիէլ, 18.23)։ Աստուած կամեցաւ եւ եղաւ ինչ որ կամեցած էր։ Եւ խաչը շարականի բառերով եղաւ «սրբութեան սեղանը, որուն վրայ Քրիստոս՝ Գառն Աստուծոյ պատարագուեցաւ» ի փրկութիւն աշխարհի։ Խաչվերացի տօնին եւ սկսեալ՝ Խաւարման արարողութենէն մինչեւ Սուրբ Զատիկ, Աւագ Շաբթուան ընթացքին եկեղեցւոյ ծանօթ եւ ժողովրդականացած երգերէն մին՝ «Խաչի քո Քրիստոս երկիրպագանեմք»ը կ՚երգենք։ Երբ Խաչին կ՚երկրպագենք, անմիջապէս յետոյ օրուան համաձայն կը մեծացուցանենք եւ կը փառաւորենք Քրիստոսի սուրբ տնօրինութիւնները՝ մատնութիւնը, խաչելութիւնը, թաղումը եւ յարութիւնը։ Նաեւ նոյն տնօրինութեանց փառքը կ՚երգենք «Փառք Սուրբ Խաչիդ ալէլուիա»ով։

Խաչը փրկութեան նշան է։ Տիեզերքի պատմութիւնը Քրիստոսի ծննդեամբ երկփեղկուած է խմբաւորուելով «Նախ քան Քրիստոս» եւ «Յետ Քրիստոսի» խորագիրներու ներքեւ։ Ճիշդ նոյն նմանողութեամբ խաչափայտը իմաստաւորուած է Գողգոթայի վրայ։ Այն պահուն որ խաչի վրայ պատարագուեցաւ Աստուծոյ Միածին Որդին, Խաչը դադրեցաւ գործիք մը, իրեղէն մը ըլլալէ եւ խաչի փայտեայ նիւթը վերածուեցաւ խորհրդաւոր գոյացութեան մը, որուն ներկայութեան հաղորդ կը դառնան միայն անոնք, որոնք իրենց սրտերուն մէջ վառ կը պահեն «Քրիստոսի արեամբ մեղքի ծառայութենէն գնուած ըլլալու» հաւատքը եւ գիտակցութիւնը։ Լաւ գիտնանք. եթէ Խաչով իրականացած փրկագործութեան խորհուրդի հաւատքը սրտերէն ներս բացակայի, այն պարագային «կռապաշտ» կոչումը կու գայ փակչիլ մեր վրայ։ Խաչը անձնական աշխարհիկ գաղափարներ յայտնելու կռուան մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ։ Խաչը, խորհրդանշանն է անոր վրայ իրականացած փրկագործութեան մեծ խորհուրդին։ Այս առումով էր, որ Քրիստոնեայ ժողովուրդներ Խաչին պատիւը բարձր պահելու նախանձախնդրութեամբ պատերազմի դաշտ իջած էին, խաչափայտի մասունքը գերութենէ ազատագրելու համար։ Այսօր Խաչվերաց է։ Սուրբ Խաչի վերացման, բարձրացման տօնը։ Քրիստոնեայ հաւատացեալներ, ազատագրուած խաչափայտի մասունքը ընկալեցին որպէս սրբութիւն, որովհետեւ անոր վրայ մածնացած էր Քրիստոսի փրկարար սուրբ Արիւնը, «թափուած՝ ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց»։ Անոնց համար նշանաբան էր Պօղոս առաքեալի խօսքը. «Գալով ինծի, քաւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (Գաղատացիս, 6.14)։

Ստեփանոս Սիւնեցիի հեղինակած շարականի երկրորդ մասը կը ներկայացնէ այն պահը, երբ Խաչին ստորոտը գտնուող պահակ զինուորներէն մին «գեղարդով Քրիստոսի կողը խոցած էր եւ շուտ մը արիւն ու ջուր ելած»։  Յովհաննէս աւետարանիչ, ականատեսի հանգամանքով կը գրէ. «Եւ ան որ տեսաւ այս բաները՝ վկայեց ու անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է եւ ինք գիտէ թէ ճշմարիտը կ՚ըսէ, որպէս զի դուք [ալ] հաւատաք» (Յովհաննէս, 19.34-35)։

Կարդալով Սուրբ Աւետարանի սոյն հատուածը, կը յիշենք Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի գրի առած հոգեւոր երգը, որ կը ներկայանայ Սուրբ Աւետարանի հատուածին հետ ունեցած զուգահեռ իմաստով. «Քարոզի ի սքանչելեացս Աստուած մարմնով վասն իմ խաչեալ. մերով բնութեամբս մեռանի Աստուած անմահ խոստովանի. կրկնավտակ կողին աղբերբք եկեղեցի իւր հաստատի. ջրովն մաքրի զարիւնն ըմպէ՝ զՈրդի ընդ Հօր փառաւորէ»։ Աշխարհաբար տաղաչափեալ թարգմանութեամբ. «Հրաշքնե՜ր որ վկա՛յ են թէ Աստուած ինծի համար մարմնով խաչուած՝ մեր իսկ բնութեա՛մբը կը մեռնի, թէպէտ Աստուած մ՚է կենդանի. զոյգ ակերէն կողի խոցին կը հաստատուի Եկեղեցին՝ որ Ջրով սրբուած ւ՚ Արիւնով նոր՝ կը փառաւորէ՝ Որդին հետ…» (Թարգմանութիւն՝ Եղիշէ Եպս. Դուրեան)։

Սուրբ Խաչը օգնական եւ պահապան ըլլայ բոլորիս։ Քրիստոսի Սուրբ Պատարագին շնորհիւ սաղարթացած «անսաղարթ փայտը» թող երանգաւորէ մեր կեանքը, որ յաճախ տարուելով աշխարհի այլեւայլ հոսանքներէն կը վերածուի «անսաղարթ» վիճակի։ Ամենայաղթ Սուրբ Խաչի զօրութեամբ փարատին ցաւերը բոլոր հիւանդներուն եւ բժշկուին։ Աստուած յատկապէս այս տաղաւարին իր օրհնութիւնները տեղացնէ բոլորիս վրայ եւ այդ օրհնութիւններուն շնորհքովը լիահագագ գոչենք ըսելով. «Փառք Սուրբ Խաչիդ, Ալէլուիա». Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

8 սեպտեմբեր 2021, Գնալը կղզի

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2021