ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՄՕՏ ՀԻՒՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանը։ Զրոյցի ընթացքին արժեւորուեցան Արցախէ ներս ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակին, եկեղեցի-հասարակութիւն կապին վերաբերեալ հարցեր։

Դաւիթ Պապայեան երախտագիտութիւն յայտնեց, որ Վեհափառ Հայրապետը մշտապէս ուշադրութեան կեդրոնին կը պահէ Արցախը, ինչպէս նաեւ անոր զարգացման ու զօրացման մեծապէս կը նպաստէ։ Ան ընդգծեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առանցքային դերը հայոց անկախ պետականութեան եւ հայկական ազգային ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ։

Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2021