ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասու տարեդարձը։ Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասու անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ դպրապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ դպրաց դասու հանգուցեալ հիմնադիրներուն, նախագահներուն, երաժիշտներուն, դպրապետներուն, անդամներուն ու սատարողներուն համար։

Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ նաեւ սիրոյ սեղան մը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2023