ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին շնորհուեցաւ մագիստրոսութեան մակարդակով բարձրագոյն ուսուցման իրաւունք։ Ինչպէս ծանօթ է, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը ունի համալսարանի կարգավիճակ, իսկ հիմա արդէն այդ կարգավիճակը բարձրացած է՝ մագիստրոսութեան ուսուցման իրաւունքով։
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի Կոմիտասեան դահլիճին մէջ վերջերս այս իրաւունքի շնորհման կապակցութեամբ տեղի ունեցաւ մասնաւոր արարողութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը, որուն ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան։ Բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, որ այս իրադարձութիւնը մեծապէս կարեւորեց հաստատութեան կրթական յառաջընթացին տեսակէտէ։ Աւելի վերջ, Հայաստանի Բարձրագոյն որակաւորման յանձնաժողովի նախագահ Լիլիթ Արզումանեան Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց Լեւոն Մկրտչեանի կողմէ հաստատուած՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէ ներս Մասնագիտական խորհուրդի կազմի տեղեկագիրը, գիտական մասնագիտութիւններու անուանացանկը եւ կանոնակարգերը։ Լիլիթ Արզումանեան ուրախութիւն յայտնեց, որ այս իրադարձութիւնը պիտի նպաստէ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հետագայ գործունէութեան։
Շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Լեւոն Մկրտչեան, որ ընդգծեց, թէ ճեմարանի կեանքէն ներս սա կարեւոր ձեռքբերում մըն է։ «Մենք կը գտնուինք հաստատութենէ մը ներս, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ առաջին անգամ, մեր պատմական հայրենիքի այս փոքր հատուածին մէջ սկսաւ մասնագիտական կրթութեան դասաւանդումը։ Եւ ես իմ երիտասարդութեան տարիներէն կը յիշեմ, թէ նոյնիսկ խորհրդային ժամանակաշրջանին ինչ մեծ պատիւ մըն էր այստեղ դասաւանդելը։ Ընտրեալները կու գային այստեղ դասաւանդելու եւ հպարտութեամբ կը նշէին այդ բանը, որովհետեւ այստեղ է, որ անթեղուած է հայ տեսակի որակը», ըսաւ նախարարը։ Միեւնոյն ժամանակ ան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ կրթութեան, գիտութեան ու հայեցի դաստիարակութեան նկատմամբ անոր կողմէ ընծայուած մեծ ուշադրութեան համար։
Հանդիսութեան ընթացքին ազգային երգերու կատարումներով հանդէս եկաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի երգչախումբը՝ վաստակաւոր արուեստի գործիչ Յարութիւն Թոփիկեանի մականին ներքեւ։
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Նորին Սրբութեան օրհնութեան խօսքով։ Ան այս առթիւ ըսաւ. «Մեր լուսամիտ, երանաշնորհ Գէորգ Դ. Հայրապետի տեսիլքով ու անխոնջ ջանքերով հաստատուեցաւ այս հոգեւոր հաստատութիւնը՝ նպատակ հետապնդելով, որ եկեղեցական մեր կեանքէն ներս բարի աւանդոյթները վերականգնուին եւ այս հաստատութենէն ներս կրթուին, դաստիարակուին արժանաւոր եկեղեցականներ ու հայորդիներ։ Այս հաստատութեան նշանաբանն էր՝ առաջին հերթին կրթել արժանաւոր հայ մարդ, հայ անհատ եւ միեւնոյն ժամանակ պատրաստել արժանաւոր հայ եկեղեցական։ Եւ այս հաստատութիւնը մեր ազգային կեանքէն ներս իր առաքելութիւնը իրականացուց փառքով ու պատուով։ Բազում մեծանուն մտաւորականներ դուրս եկան այս հաստատութենէն եւ իրենց կարեւոր ծառայութիւնը բերին ազգային մեր կեանքին։ Նաեւ՝ արժանաւոր եկեղեցականներ, որոնք եկան հոգեւոր կեանքը պայծառացնելու, մեր ժողովուրդի հաւատքը լուսաւորելու, անոր ընթացքը հաւատարմութեան մէջ պահելու մեր հայրերու սրբազան հաւատքին»։
Աղօթքով յիշելով ճեմարանի ջահը մշտավառ պահած բոլոր երախտաւորները՝ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ այսօր անկախ Հայաստանի պայմաններուն ներքեւ, այս կրթօճախը նոր ուժգնութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ համար հասցնելով հոգեւորականներու արժանի սերունդ մը։ Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, որ մագիստրոսական մակարդակով կրթութեան իրաւունքի շնորհումը Գէորգեան ճեմարանին ոչ միայն խրախոյս պիտի ըլլայ ճեմարանականներու եւ եկեղեցականներու համար, այլ նաեւ պատասխանատուութեան աստիճանի բարձրացում մը պիտի դառնայ, որպէսզի ճեմարանի յարկէն ներս կերտուի գիտնական հոգեւորականներու սերունդը՝ աստուածաբանական զանազան ոլորտներու մէջ զօրացնելու եւ զարգացնելու հայ հոգեւոր միտքը։ Այս նշանակալի իրադարձութեան առթիւ Վեհափառ Հայրապետը նախարար Լեւոն Մկրտչեանին յայտնեց իր գնահատանքը՝ Հայոց Եկեղեցւոյ նկատմամբ ցուցաբերուած մշտական զօրակցութեան համար։ Ան նաեւ իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց Լիլիթ Արզումանեանին եւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան պատկան բոլոր պատասխանատուներուն։ Նորին Սրբութիւնը միեւնոյն ժամանակ իր գնահատանքը արտայայտեց ճեմարանի տեսչութեան եւ դասախօսներուն նկատմամբ։ Ան ճեմարանի սաներուն յորդորեց ամէն ջանք գործադրել՝ գիտնական եկեղեցակններու տեսիլքը իրականացնողները դառնալու համար։
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի աղօթքով։