ԹՈՒՄՕ-Ի ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը։ Իրեն ուղեկցեցան այս կեդրոնի հիմնադիր եւ «Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամի նախագահ Սեմ Սիմոնեան եւ կեդրոնի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէն Բեկոր Փափազեան։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը ծանօթացաւ կեդրոնի պայմաններուն եւ ուսումնական ծրագրերուն։
ԹՈՒՄՕ յաճախող պատանիները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին իրենց ստեղծած նոր խաղերն ու ծրագրերը։ Իր հերթին, Վեհափառն ալ պատասխանեց անոնց հարցումներուն։
Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը օրհնութիւնները փոխանցեց կեդրոնի հիմնադրին, աշխատակազմին ու սաներուն՝ բարձր գնահատելով ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան կրթութիւն ապահովելու ուղղեալ ջանքերը։ Ան յոյս յայտնեց նաեւ, թէ յառաջիկային նման կեդրոն մը կը հաստատուի նաեւ Էջմիածնի մէջ։
Այս այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։
ԹՈՒՄՕ կեդրոնները վերջերս զանազան մասնաճիւ-ղերով բացուած են Հայաստանի մէջ եւ կարեւոր հե-ռանկարներ կը խոստանան կրթական բնագաւառին համար։