ՔՈՆԿՐԷՍԻՆ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը։ Այսպէս, ան արտասանեց Ներկայացուցիչներու տան նիստի բացման աղօթքը։ Այցելութեան ընթացքին Կիլիկեան Աթոռի գահակալը հանդիպումներ ունեցաւ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մայք Ճանսընի եւ նախկին նախագահ Նենսի Փելոզիի հետ։ Ան ընդունուեցաւ նաեւ քոնկրէսական Էտըմ Շիֆի կողմէ, որու հրաւէրով տեղի ունեցան իր շփումները։ Արամ Ա. Կաթողիկոս այս առթիւ կոչ ուղղեց, որպէսզի Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը աջակցի Արցախէն տեղահանուած 100 հազար հայ քրիստոնեայ փախստականներուն։

Ըստ հայկական լրահոսին մէջ տեղ գտած հաղորդումներուն, Ուաշինկթընի մէջ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը հանդիպումներ ունեցած է թէ՛ հանրապետական եւ թէ դեմոկրատ քոնրկէսականներու հետ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 11, 2023