ՊԵԼԺԻՈՅ ՄԷՋ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ԲԱՑՈՒՄ

Եւրոպայի նորաստեղծ հայկական հաւաքականութիւնները համախմբելու եւ եկեղեցական կառոյցներու ձեւաչափերը այդ իրականութեան համապատասխանեցնելու ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Պելժիոյ մէջ վերջին տարիներուն Կերարտսպերկեն քաղաքէն ներս արդէն հետզհետէ կ՚աշխուժանայ հայկական ծուխը։ Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նաեւ Կերարտսպերկենի կիրակնօրեայ վարժարանի բացումը։ Հաւաքոյթին նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որու կողքին էին Անվերսի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան եւ Լիէժի հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Նորաստեղծ կիրակնօրեայ դպրոցը կոչուած է «Կոմիտաս»։ Բացման արարողութեան ներկայ էին տեղւոյն կաթոլիկ համայնքի հոգեւոր հովիւը, ինչպէս նաեւ ծխական խորհուրդէն անդամներ եւ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Ելոյթներուն առընթեր օրուան յայտագիրը ընդգրկեց գեղարուեստական բաժին մը։

Իր խօսքին մէջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան նշեց, որ կրթութեան ճանապարհը յաղթանակի ճանապարհ է թէ՛ հոգեւոր եւ թէ ազգային առումով։ «Ըստ մեր պատմութեան աւանդութեան՝ մանաւանդ սփիւռքի մէջ, եկեղեցին ու դպրոցը գտնուած են նոյն վայրին մէջ եւ հայ մանուկը ստացած է հոգեւոր, մշակութային, ազգային դաստիարակութիւն», ըսաւ Նորին սրբազնութիւնը հաւաքոյթի ընթացքին։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլոր ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023