ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՕՐՀՆԵՑ ՆՈՐԱՕԾ ՔԱՀԱՆԱՅ ՀԱՅՐԵՐ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց նորաօծ այն 11 քահանայ հայրերը, որոնք անցեալ նոյեմբերի 21-ին ձեռնադրուած էին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի մէջ եւ արդէն աւարտած են իրենց ապաշխարութեան շրջանը։ Վեհարանի հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց նորաօծ քահանայ հայրերուն։ Ան յորդորեց ըլլալ ամուր կոչման մէջ, չընկճուիլ եւ անձնդիր նուիրումով ծառայեն հաւատացեալներուն։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց քահանայ հայրերը, որոնց նուիրեց ձեռաց խաչեր, Մաշտոց ծիսարաններ եւ Սուրբ Հաղորդութեան մասնատուփեր։

Չորեքշաբթի, Յունուար 12, 2022