Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԹԼԱՆԹԱՅԻ ՀԱՅ ՏՈՒՆԸ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, շաբաթավերջին այցելեց Աթլանթա։ Ս. Ծնունդի շրջանին զուգադիպած այս այցելութիւնը տեղի ունեցաւ՝ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի տնօրինութեամբ։

Աթլանթա հասնելէն վերջ հայր սուրբը քաղաքի նախկին պոլսահայերուն հետ եւս ունեցաւ հանդիպում մը։ Հարկ է նշել, որ Աթլանթայի մէջ կը գտնուի Հայ տունը, որու համալիրէն ներս շարժական Ս. Սեղանի վրայ տեղի կ՚ունենան եկեղեցական արարողութիւնները։ Հայ տունը քաղաքի եւ շրջանի հայութեան հոգեւոր ու մշակութային կեդրոնն է։

Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագը առիթ հանդիսացաւ հոգեւոր մեծ հրճուանքի։ Քարոզին մէջ ան շեշտեց, որ Յիսուսի մարմնացումը Աստուծոյ մարդկութեան նկատմամբ ունեցած սիրոյ արտայայտութիւնն էր եւ Աստուածային մեծ նպատակի մը դրսեւորումը։

Ս. Պատարագի աւարտին հայր սուրբը կատարեց Ջրօրհնէք եւ Տնօրհնէք։ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան շնորհաւորութիւններ յղեց Հայ տան վարիչներուն, տիկնանց միութեան, անդամուհիներուն, Կիրակնօրեայ վարժարանի մշակներուն ու սաներուն եւ համալիրի բոլոր կամաւորներուն։ Տօնական բարձր տրամադրութեամբ՝ ներկաներ փոխանակեցին շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ, նաեւ հայր սուրբին շնորհակալութիւն յայտնեցին՝ հովուական այցելութեան եւ հոգատար ջերմ վերաբերմունքին համար։

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2023