ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՄԱՄԲՐԷ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՇՉԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ի Տէր հանգած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Մամբրէ Աբեղայ Տաշչեան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը երէկ տեղեկացուց, որ ան վախճանած է մայիսի 10-ին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը կ՚աղօթեն նորոգ վախճանեալ աբեղայի հոգւոյ հանգստութեան եւ խաղաղութեան համար։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Չորեքշաբթի, Մայիս 12, 2021