ԱՀԱԶԱՆԳ ԵՒ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եզրափակուեցաւԳերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որ անցեալ շաբթուան տեւողութեան տեղի ունեցած էր՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Նստաշրջանը տեղի ունեցաւ՝ ատենապետութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Նիստերը վարեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը շաբաթավերջին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց ծաւալուած քննարկումներուն կապակցութեամբ։ Այսպէս, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ ԳՀԽ-ի նստաշրջանին ժամանակ զեկուցումներով հանդէս եկան՝ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարեան եւ ԳՀԽ-ի անդամներէն իրաւաբան Գէորգ Դանիէլեան։ Այս զեկուցումներուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ աղէտալի զարգացումներուն՝ մասնաւորապէս շրջափակման հետեւանքով Արցախի ժողովուրդին սպառնացող ցեղասպանութեան վտանգին եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն դէմ իրականացուող ոտնձգութիւններուն։ Անհանգստութեամբ մատնանշուեցան նաեւ երկրէն ներս գոյացած մարտահրաւէրները, հասարակական անհամերաշխութիւնն ու բեւեռացումները։ ԳՀԽ խոր մտահոգութեամբ արձանագրեց Հայաստանի կեանքէն ներս ստեղծուած ծանր կացութիւնը։ Ժողովականները կարեւորեցին, որ Հայաստանի իշխանութիւնները հրաժարին ազգի արժանապատուութիւնը ոտնահարող գործողութիւններէ եւ արտաքին թշնամիներու նուաստացուցիչ յաւակնութիւններուն ու պահանջներուն հակադրեն իրատես եւ բացառապէս հայանպաստ դիրքորոշումներ՝ վճռականօրէն պաշտպանելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման անսակարկելի իրաւունքը։ ԳՀԽ զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն՝ արձանագրելով նաեւ, որ Արցախի ժողովուրդի ազատ ու անկախ ապրելու արդար իրաւունքը պաշտպանութիւն պիտի գտնէ համազգային բոլոր շրջանակներէն ներս։ Ժողովականները ընդգծեցին, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել ժողովուրդի միասնութեան ոգին զօրացնելու եւ համերաշխութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու համար։
Արցախին ուղղեալ ընկերային աջակցութեան ծրագրերուն վերաբերեալ զեկուցում մը ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային բաժնի տնօրէն Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան։ Այս առթիւ ան ի մասնաւորի ընդգծեց, որ Ամենայն Հայոց Հայրապետի յորդորով ու ջանքերով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աշխարհասփիւռ թեմերու գործուն մասնակցութեամբ շրջափակման մէջ գտնուող Արցախին տրամադրուած է 360 թոն մարդասիրական օգնութիւն։ Տրամադրուող աջակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական։ Ժողովականները մտահոգութեամբ անդրադարձան Ատրպէյճանի շրջափակման հետեւանքով շարունակուող մարդասիրական տագնապալի իրավիճակին։ Անոնք ընդգծեցին ընկերային աջակցութեան ծրագրերու ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը։
Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներէ ներս «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի դասաւանդման եւ կրթական հիմնախնդիրներու մասին զեկուցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեան։ Նստաշրջանի ընթացքին ան տեղեկացուց, որ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ պետական նոր չափորոշիչի ներդրմամբ առարկան ամբողջապէս դուրս կը բերուի կրթական ծրագրէն։ Քննարկումներու ընթացքին ԳՀԽ վերահաստատեց իր դիրքորոշումը, անթոյլատրելի համարեց առարկայի դուրս բերումը հանրակրթական ծրագրէն՝ ընդգծելով, որ այդ մէկը կարեւոր գործօն մըն է սերունդներու դաստիարակութեան ու կրթութեան առաքելութեան մէջ։ Այս համատեսքով անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս անչափահասներու շրջանակին մէջ բռնութեամբ ուղեկցուող նոր յանցագործութիւններու ու թմրամոլութեան ահագնացող աճին։ Կենսական համարուեցաւ, որ իշխանութիւնները գործնական եւ արդիւնաւէտ քայլեր իրականացնեն՝ պայքարելու համար յիշեալ երեւոյթներուն դէմ, ինչպէս նաեւ հասարակութեան մէջ՝ յատկապէս կրթական հաստատութիւններէն ներս արժեւորելով յանուն հայրենիքի պայքարի ելած, նահատակ հայորդիներու սխրանքը, որպէսզի չտկարանայ ազգի զաւակներու հայրենանուիրումի ոգին։
Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ ամրակայման աշխատանքներուն, Միւռոնօրհնութեան եւ յարակից միջոցառումներու կազմակերպման վերաբերեալ զեկուցումներով հանդէս եկան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան եւ լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Քննարկումներու արդիւնքով ԳՀԽ հաշուի առաւ՝ Մայր Տաճարի հիմնանորոգման աշխատանքներու ծաւալներու ընդլայնման եւ ձեռնարկուած աշխատանքներու ժամանակատարութեան հանգամանքները։ Ուստի, որոշուեցաւ՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւնը յետաձգել մինչեւ հիմնանորոգման աշխատանքներու ամբողջական աւարտը։ Մինչ այդ, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 1 հոկտեմբեր 2023 թուականին։ Շաբաթ մը վերջ ալ՝ հոկտեմբերի 8-ին տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսաց ձեռնադրութիւն։
Նստաշրջանի օրերուն անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան՝ երկարաժամկէտ վարձակալութեան տրուած կալուածներու խնդրին։ Այս առթիւ արձանագրուեցաւ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կապի մէջ է Պատրիարքարանի հետ եւ մօտէն կը հետեւի իրադարձութիւններուն։
Քառօրեայ նստաշրջանի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու եւ թեմերու գործունէութեան, եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ այլ զանազան հարցեր։
Ժողովը ամփոփուեցաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքով։