ՏՕՆ ԿԱԹՈՒՂԻԿԷ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը Ս. Պատարագի արարողութեան մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Տօնի խորհուրդին շուրջ քարոզեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ ի մասնաւորի ըսաւ. «Ինչո՞վ կարեւոր է Էջմիածինը մեզի համար։ Սուրբ Էջմիածինը մեզի համար միայն տաճար մը չէ, այլ գաղափար է, մեր ազգը միաւորող ամենազօրեղ իրողութիւններէն մին է, ուխտ եւ տեսիլք է մեզի համար։ Այս տարածքը՝ Վաղարշապատը, մեզի համար դարձաւ Սուրբ Էջմիածին Աստուծոյ կամքով ու ողորմութեամբ։ Աստուած մեզի տուաւ հայկական աւագ շաբաթը, որ կը սկսի Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութեամբ եւ կը հասնի մինչեւ շաբաթ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր վիրապէ ելքի տօնը, հայոց պետականութեան քրիստոնէացման իրադարձութենէն մինչեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքը։ Ուրեմն, այս աւագ շաբաթն է, որ մեր ազգի պատմութեան մէջ անմոռանալի հետքեր թողած է։ Աստուած մարմնացուց իր գաղափարը Սուրբ Էջմիածնի տաճարին մէջ եւ մեր նախնիները այս խորհուրդը փոխանցեցին նոր սերունդներուն ու այս բանին շնորհիւ է, որ մենք մէկ ազգ ենք»։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հաւատացեալներուն յորդորեց մշտապէս վառ պահել հայոց սրբութիւնները իրենց յիշողութեան մէջ, ապրիլ ու զօրանալ Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդով։

Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Նորին Սրբութիւնը ծնրադիր աղօթեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շէնացման, անսասանութեան եւ իր սրբազան առաքելութեան յարատեւութեան համար։

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023