ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը սերտօրէն կապ-ւած է Տիրամօր Վերափոխման տօնին հետ, ապա անիկա մասնաւոր կապ մը չունի եկեղեցական վարդապետութեան հետ, այլ աւանդութիւն մըն է, որ կու գայ հեթանոս մեր պապերէն, որոնք, երբ բերքը կը հասնէր, հասունցած առաջին բաժինը կը նուիրէին աստուածներուն։ Գրիգոր Լուսաւորիչ հեթանոսական շատ տօներ որդեգրած է մեր եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան մէջ՝ տալով անոնց քրիստոնէական երանգ:
Կարելի չէ հաստատել, թէ ո՛ր թուականներէն Խաղողօրհնէքը մուտք գործած է մեր եկեղեցական արարողութեանց մէջ, սակայն յստակ գիտենք, որ Խաղողօրհնէքի աղօթքը յօրինած է Ներսէս Շնորհալի հայրապետը (1102-1173):
Հայ ժողովուրդի ամենասիրելի սրբուհիներէն է Տիրամայրը. բազմաթիւ եկեղեցիներ Տիրամօր անունով կառուցուած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքներուն, իսկ բոլոր եկեղեցիներու կեդրոնական խորանին նկարը Աստուածամայրն է՝ գրկած մանուկ Յիսուսը:
Ինչպէս արտօնուած չէր խնձոր ուտելը մինչեւ Վարդավառ, այնպէս ալ արտօնուած չէր խաղող ուտել մինչեւ օգոստոսի 15-ին նախորդող կամ յաջորդող Կիրակի օրը՝ Խաղողօրհնէքի տօնը։
Աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու մօտ աւանդաբար պահպանուած սովորութիւն կայ հասունցած առաջին բերքը, առաջին պտուղները զոհաբերել ուխտավայրի եւ յետոյ միայն կարելի էր ուտել։ Հայերուն մօտ տարբեր տօներու զոհաբերուող ուտելիքներէն էին հաւկիթը՝ Զատիկին, կաթնովը՝ Համբարձումին, հասկեր ու խնձոր՝ Վարդավառին, հատեղէնները՝ Նոր տարիին, չոր ու թարմ զանազան պտուղներ՝ Տեառնընդառաջին եւ Ս. Սարգիսին, իսկ խաղողին կամ խաղողաքաղի սկիզբին նուիրուած էր յատուկ տօն՝ «Խաղողօրհնէք»։
Քրիստոնէութեան շրջանին ընդհանրացած սովորութիւն էր առաջին խաղողի ողկոյզները քահանային օրհնել տալ։ Խաղողօրհնէքի տօնակատարութիւնը տարբեր շրջաններու մէջ որոշ տարբերութիւններ ունէր։ Օրինակ, Քեսապի մէջ Շաբաթ օրը բոլոր թոնիրները կը վառէին, եւ կիները ձէթով բոկեղ կը թխէին, բոկեղին բոյրը կը դառնար տօնի ուղեկիցը
Կիրակի առաւօտեան տղամարդիկ խաղող, կիները բոկեղ կը տանէին եկեղեցի։
Դարձեալ Քեսապի մէջ, Կիրակի անպայման սմբուկով ու սիսեռով ճաշ կ՚եփէին։ Այս սմբուկը սովորաբար տարուան առաջին բերքը կ՚ըլլար։ Այնքան տարածուած էր այս ճաշատեսակը, որ շրջակայքի թուրքերը Աստուածածնի տօնը «Պատընճան պայրամ» կը կոչէին։
Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ տեղացիները օրերով կը պատրաստուէին օգոստոսեան ուխտագնացութեան, իսկ բուն տօնին օրը մտերիմներ, ծանօթներ, ազգականներ նախապէս ընտրելով իրենց տօնական ուխտավայրը՝ ճամբայ կ՚իյնային, երբեմն ամբողջ գիշեր մը քալելով, որպէսզի արեւածագը դիմաւորեն նշանակուած վայրին մէջ։
Առաւօտեան ուխտավայր հաւաքուած բազմութիւնը արեւածագը կը դիմաւորէր տօնական տրամադրութեամբ, խնջոյքի պատ-րաստութիւններով։ Մինչ մեծերը մատաղներ կ՚ընէին, սեղան կը պատրաստէին, երիտասարդներու խումբ մը լախտի, ըմբշամարտ, գօտեմարտ եւ այլ խաղեր կը կազմակերպէր, ուրիշ խումբ մը կը պարէր։ Կէսօրին խումբերով կը նստէին խնջոյքի. սեղանը ճո-խացուած կ՚ըլլար համադամ կերակուրներով, առատ միրգով, կաթնասերով, գաթայով, հալւայով եւ անշուշտ՝ մատաղի միսով։ Յատկապէս խնամիները խիստ պարտաւորուած էին զիրար պատուել նոր պտուղներով, իսկ նորապսակ հարսը կամ նշանուած աղջիկը ամուսինին կամ փեսացուին ազգականներէն կը ստանար մեծաքանակ սկուտեղներ, միրգեր եւ այլ նուէրներ։
Քեսապի մէջ ուխտագնացութիւնը կը սկսէր Կիրակի երեկոյեան, երբ մատաղները կ՚օրհնուէին ու կը զենուէին։ Իսկ աւանդական հարիսայի պղնձեայ կաթսաները կը շարուէին ծառերուն տակ, ուրկէ կը փչէր զուռնան, կը թնդար թմբուկը, եւ մինչեւ լոյս շուրջպարը կը դառնար։
Երկուշաբթի առաւօտ տեղի կ՚ունենար հանդիսաւոր պատարագ։ Պատարագող եկեղեցականը կ՚օրհնէր հարիսան, որ կը բաժնուէր ուխտաւորներուն։ Խնջոյքը, կերուխումը, զուռնան ու պարը կը տեւէին մինչեւ երեկոյ։ Առհասարակ այս տօնը լիաբուռն, անկաշկանդ ուրախութեան դրսեւորում էր, նուազագոյն պարտաւորութիւններով։
Յաջորդ Երկուշաբթի մեռելոց էր։