ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ՝ ՁՕՆՈՒԱԾ ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ»

Լիբանանի «Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբում»ի շուրջ 75 անդամներու Հայաստան այցելութեան առթիւ մասնաւոր հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը։ Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրով այս համախմբման անդամները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համախմբուեցան՝ Լիբանանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Գանատայէն։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաներ եւ այլ հիւրեր։

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ վերջ «Ազգ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան անդրադարձաւ այս համախմբան հիմնադրութեան, ներկայացուց կրօնասէր տիկնանց միութեան գործունէութիւնը՝ փաստելով անոր մշտական հաւատարմութիւնը Հայոց Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ։

Աւելի վերջ ներկաներուն իր սրտի խօսքը ուղղեց սոյն համախմբումի ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեան։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կեցութիւնը եւ Հայաստանի զանազան սրբավայրեր տրուած այցելութիւնները առաւել զօրացուցած են իրենց հաւատքը առ Աստուած եւ նուիրումը Հայոց Եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Ատենապետուհին ապա անդրադարձաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մայր Աթոռի գործունէութեան կրթական, ընկերային, մշակութային բարեգործական բնագաւառներու մէջ։ Ան բոլորի անունով Հայոց Հովուապետին փոխանցեց կենաց արեւշատութեան եւ արդիւնաշատ գահակալութեան բարեմաղթանքներ։

Աւելի վերջ ցուցադրուեցաւ «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան կողմէ Լիբանանի «Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբման» եւ անոր անդամներու Հայաստանի այցելութեան մասին պատրաստուած ժապաւէնը։

Վեհափառ Հայրապետն ալ ձեռնարկի մասնակիցներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ շեշտեց, որ «Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբում»ին նուիրուած հանդիսութիւնը կոչուած է վերստին արժեւորելու ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս անոր անդամներուն որդիական սիրոյ եւ նուիրումի ոգին, երախտարժան վաստակը։ Վեհափառ Հայրապետը ի մէջ այլոց ըսաւ. «Միութեան անդամուհիները ժամանած են հայրենիք եւ Մայր Աթոռ՝ նորոգելու մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ նկատմամբ ծառայանուիրումի իրենց ուխտը, որով առաջնորդուած են եւ զօրացած տասնամեակներու եկեղեցանպաստ իրենց գործունէութեան մէջ։

«Սուրբ Էջմիածնի տիկնանց համախմբում»ը հիմնուեցաւ 1959 թուականին, երբ Պաղ պատերազմը մեր եկեղեցական կեանքէն ներս իր ցաւալի ներգործութիւնը ունեցաւ՝ տագնապներ ստեղծելով Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յարաբերութիւններուն մէջ։ Այս հանգամանքի լոյսին տակ Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց. «Այդ դժուարին օրերուն լիբանանահայ խումբ մը քաջասիրտ հայուհիներ անմնացորդ սիրով ամուր պահեցին եւ վկայեցին իրենց հաւատարմութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը քրիստոսահաստատ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ։ Տասնամեակներ շարունակ ազնուահոգի հայուհիները իրենց առաքինի գործունէութեամբ արժեւորեցին ազգային-եկեղեցական մեր անդաստանէն ներս կանանց բարձրապատիւ դերն ու սպասաւորութիւնը՝ նմանութիւն բերելով Ս. Եղիշէ պատմիչի կողմէ ներբողուած հայոց աշխարհի փափկասուն տիկնանց։ Բարեսիրական իրենց բեղուն գործունէութեամբ անոնք անփոխարինելի ծառայութիւն մատուցեցին եւ կարեւոր նպաստ բերին սրբութիւն սրբոց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յաւէտ պայծառութեան։

«Սիրելի անդամուհիներ «Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբում»ի, մեզի համար ուրախութիւն է, որ նուիրեալ հայուհիները շարունակելով միութեան հիմնադիր երանեալ անդամուհիներու, ձեր երախտարժան մայրերու բարի աւանդը, այսօր ալ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը առաւել արդիւնաւորելու ազնուագոյն տեսլականով կը հարստացնէք ձեր վաստակը նորանոր իրագործումներով։ Ձեր ջանքերով ու միջոցներով ստեղծուած եկեղեցական զգեստներն ու սպասները եւ եկեղեւցոյ յարդարանքի այլ գեղեցկարար պարագաները շուք ու վայելչութիւն կու տան եկեղեցական արարողութիւններուն ու ծիսակատարութիւններուն եւ կը նպաստեն հոգեւոր-եկեղեցական կեանքի բարեզարդութեան։ Ձեր եռանդն ու նուիրումը կը քաջալերեն նաեւ ձեր ամուսինները՝ իրենց ջանքերով սատար ու զօրակից ըլլալու ձեր բարի առաքելութեան։ Գովասանքի արժանի է նաեւ, որ միութեան շարքերուն կը ներգրաւէք ձեր դուստրերն ու երիտասարդ օրիորդներ, որպէսզի անոնք եւս ձեր հաւատքի, բարեպաշտութեան ու աստուածահաճոյ բարեգործութիւններու վառ օրինակով իրենց ջանքերը բերեն հոգեւոր-եկեղեցական մեր անդաստանի բարեզարդման համար։ Յիրաւի, եկեղեցին զօրեղ ու պայծառ է իր զաւակներու ամուր հաւատքով ու նուիրեալ գործերով։ Այսօր եւս, երբ ազգովին կանգնած ենք նոր մարտահրաւէրներու առջեւ, մեր եկեղեցին ու երկիրը առաւել չափով կարիքն ունի իրենց զաւակներու աջակցութեան։ Քրիստոնեայի համար անկարելի է մնալ դիտորդ, երբ եկեղեցին ու հայրենիքը իր զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը ունին, երբ փորձեր կը կատարուին քարկոծելու եւ վնասելու եկեղեցին, նսեմացնելու հոգեւոր-բարոյական արժէքները, խարխլելու մեր ինքնութեան հիմնասիւները՝ եկեղեցին ու ընտանիքը։ Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրները յաղթահարելի են եկեղեցւոյ հետեւորդներու՝ դաւանած արժէքներու նկատմամբ հաւատարմութեամբ եւ հոգեւոր կեանքի մէջ աշխոյժ ներգրաւուածութեամբ։ Ձեզմէ, իւրաքանչիւր հայ կնոջմէ նաեւ մեծապէս կախուած է մեր եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդի եւ մեր երկրի ապագան, որովհետեւ հաւատաւոր ու բարեպաշտ կանայք են հայ ընտանիքի սիւնը, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու սնուցողը, զաւակներու նկարագրի կերտողը»։

Վերստին հայրապետական իր բարձր գնահատանքն ու օրհնութիւնը բերելով համախմբումի երախտարժան անդամներուն՝ Նորին Վեհափառութիւնը յորդորեց նոյն կորովով ու եռանդով շարունակել իրենց կարեւոր առաքելութիւնը՝ ի շինութիւն Հայաստանի եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ, ի պայծառութիւն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ի փառս Բարձրեալն Աստուծոյ։

Նորին Սրբութիւնը աղօթքով յիշեց «Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբում»ի լուսահոգի հիմնադիրները, ատենապետուհիներ՝ Արշալոյս Այվազեանն ու Անգինէ Տանձիկեանը, առանձնակի գոհունակութեամբ իր գնահատանքը, սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցեց համախմբումի պատուոյ ատենապետուհի Միմի Յարութիւնեանին եւ այժմու ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանին, որոնք մեծ աւանդ ունին այս համախմբումի եկեղեցանպաստ ծառայութեան մէջ։ «Ձեզի կը մաղթենք, սիրելի անդամուհիներ, երջանկութիւն եւ եկեղեցաշահ գործոց նոր յաջողութիւններ։ Հպարտ ենք ձեր հաւատով եւ առ եկեղեցին ձեր անխախտ սիրով։ Թող ամենակարող Աստուծոյ օրհնութիւնն ու աջակցութիւնը միշտ ուղեկից ըլլան ձեզի եւ համայն մեր ժողովուրդին ի հայրենիս եւ ի սփիւռս», աւելցուց վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը։

Հանդիսութեան յայտագրին հայրենասիրական, ժողովրդական եւ հոգեւոր երգերով մասնակցութիւն բերին «Նոր անուններ» ծրագրի շնորհալի պատանի երաժիշտ-կատարողները՝ ղեկավարութեամբ վաստակաւոր մշակոյթի գործիչ Սիլվա Մեքինեանի։

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2018