ԳՆԱ­ԼԸ ԿՂԶԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԽԱՉ­ՎԵ­ՐԱ­ՑԻ Ս. ՊԱ­ՏԱ­ՐԱԳ

Խաչվերացի տաղաւարին առթիւ երէկ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ռեհաններով զարդարուած Կենաց Փայտի մասունքները վերաբերուեցան եւ այս տարի եւս, ըստ աւանդութեան, մասունքակիր խաչով թափօր կազմուեցաւ։ Հոգեւոր մեծ հրճուանքի առիթ հանդիսացան արարողութիւնները։ Պատարագիչ հայր սուրբը տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Խաչվերացի թափօր-անդաստան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022