ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Խաչվերացի տօնի արարողութիւններուն եւ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Սկիւտարի բարձունքին հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սկիւտարի Միացեալ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արշաւիր Պիւյիւքիշմանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարատ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, հոգեւոր հայրերը եւ բոլոր ներկայ հաւատացեալները։ Բացօթեայ սիրոյ սեղանի ընթացքին ներկաները հաճելի զրոյց ունեցան իրարու միջեւ՝ մինչ բոլորի յիշողութիւններուն մէջ վերակենդանացան Սկիւտարի երբեմնի փայլուն ապրումները։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022