«ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉ» ՏԱՐԵԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻ 2015 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ, նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ» տարեկան մրցոյթի 2015 թուականի մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այս մրցոյթը կ՚իրականացուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան ջանքերով, որոնց կը միանայ նաեւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը։ Հանդիսաւոր ցերեկոյթի ընթացքին պարգեւատրուեցան հայոց պատմութեան, հայոց եկեղեցւոյ պատմութեան, հայոց լեզուի եւ գրականութեան եւ գիտական այլ առարկաներու ուսուցիչներն ու դասվարները, որոնք այս տարուան յաջողագոյններու շարքին դասուած էին։ Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան։
Օրուան յայտագիրը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ վերջ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան, որ ուրախութիւն յայտնեց, թէ արդէն տասներկու տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուի այս մրցոյթը եւ աւանդական դարձած ըլլալով՝ ան ունի իր ուրոյն տեղն ու առաքելութիւնը կրթական ոլորտէն ներս։
Աւելի վերջ իրերայաջորդ արտայայտուեցան Արմէն Աշոտեան եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամուհիներէն Կարինէ Աճէմեան։
Գեղարուեստական բաժնին մէջ հանդէս եկան «Լոյս» երգեցիկ հնգեակը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Էօրնէքեան» հանրակրթարան-դպրոցի երգչախումբը։
Վեհափառ Հայրապետն ու նախարարը աւելի վերջ տարուան լաւագոյն կրթական մշակներուն յանձնեցին մրցոյթի մասնակցութեան վկայականները, հոգեւոր գրականութիւն եւ պարգեւներ։ Այնուհետեւ «Էջ միածինն ի հօրէ» շարականի երգեցողութեամբ վերաբերուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակը՝ ուղղուած Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան։ Կոնդակը ընթերցուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի կողմէ։
Հանդիսութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն տուաւ իր պատգամը։ Ողջունելով կրթական մշակներու ներկայութիւնը հայոց հոգեւոր կեդրոնին մէջ՝ Վեհափառ Հայրապետը նախ շնորհաւորեց այս տարուան մրցոյթի դափնեկիրները, ապա անդրադարձաւ ուսուցիչի առաքելութեան։ Այս առթիւ ան ըսաւ.
«Մեծ շնորհ եւ պատասխանատուութիւն կայ ձեր ուսերուն՝ գիտելիք հաղորդելու, իմացութեան եւ ճանաչողութեան ուղիներով առաջնորդելու մեր զաւակները, ձեւաւորելու զանոնք որպէս սկզբունքներ ունեցող անհատներ, որպէս մեր երկրի հայրենասէր քաղաքացիներ ու մեր ժողովուրդի ազգասէր որդիներ ու դուստրեր։ Այս նպատակը ընդհանուր հասարակութեան կը պատկանի անշուշտ, բայց առաւել չափով կ՚իրականացուի ձեր ամէնօրեայ աշխատանքի գործունէութեան արդիւնքով։ Ձեր նուիրումով, առօրեայ ջանքերով կը կրթուին ու հասակ կ՚առնեն մատաղ սերունդի միտքն ու հոգին եւ այդ պատճառով երբեք բարձրագոչ չէ ըսելը, որ ձեր ձեռքերուն մէջ է մեր ժողովուրդի ապագան։ Մենք կ՚ուզենք, որ այս գիտակցութիւնը ամէն օր ներշնչէ ձեր գործունէութիւնը։
«Մենք գիտենք, որ ձեր աշխատանքը չի սկսիր ու չ՚աւարտիր զանգի հնչումով, իւրաքանչիւր դասաժամի դուք կը նախապատրաստուինք տրամադրելով աւելի ժամանակ, քան այդ դասաժամն է։ Կը նախապատրաստուիք ոչ միայն դասանիւթի մատուցման, այլեւ՝ ձեր սաներուն հետ համընդհանուր աշխատանքին՝ իբրեւ մանկավարժներ, հոգեբաններ, իբրեւ երկրորդ ծնող։ Մեր օրերուն համացանցի միջոցաւ աւելի ու աւելի դիւրին կը դառնայ գիտելիքներու ձեռքբերումը, բայց ուսուցիչը հեղինակութիւն է ո՛չ միայն գիտելիք փոխանցելով, այլեւ՝ օրինակ ըլլալով եւ վայելելով իր սաներու վստահութիւնը, յարգանքն ու սէրը։
«Մենք գոհունակութեամբ կ՚անդրադառնանք, որ մեր երկիրը, Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւնը, աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կը գտնէ բարելաւելու, արդիական պահանջներուն համահունչ դարձնելու ուսումն ու կրթութիւնը եւ արժանիօրէն գնահատելու մանկավարժներու գործունէութիւնը։ Հայրապետիս համար գոհունակութիւն է, որ կը զօրանան նաեւ նախարարութեան եւ մեր եկեղեցւոյ համագործակցութիւնը եւ համատեղ ծրագրերը՝ ի նպաստ մատաղ սերունդի կրթութեան, հոգեւոր արժէքներով դաստիարակութեան։ Մեր եկեղեցին նոյնպէս կը ջանայ ստեղծել առաւել մեծ հնարաւորութիւններ, որպէսզի մեր զաւակները սնուին ու աճին հաւատքով, իրարու հանդէպ սիրով, արդարութեան, ճշմարտութեան արժէքներով, ըլլան հաւատարիմ որդիները մեր ժողովուրդի եւ երկրի»։
Նորին Սրբութիւնը աւելի վերջ իր գնահատանքը յայտնեց նախարարութեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին եւ մրցոյթի կազմակերպիչներուն։ Մանկավարժներուն եւ կրթութեան գործի բոլոր նուիրեալներուն համար ան մաղթեց, որ Աստուած իր շնորհներով առատապէս շնորհազարդէ զանոնք եւ զօրակից ըլլայ՝ արգասաւորելու իրենց մեծ առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց նաեւ, որ ողորմած Աստուած օրհնէ հոգեւոր ու ազգային կեանքի շէնացման, լուսաւոր գալիքի կերտման ջանքերը։
Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի «Պահպանիչ» աղօթքով։