ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՄԻՆԱՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Մինասի տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, որ այս օրերուն իր ընտանիքին հետ կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ գլխաւորութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Ներկայ էին նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնէն խումբ մը աշակերտներ՝ գլխաւորութեամբ Անի Քալայլըի եւ Ատրինէ Շէնգույումճեանի։ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ յարակից Ս. Մինաս մատրան բարերարներն ու հիմնադիրները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն մասնակցեցան հոգեւոր հայրերն ու վարժարանի սաները։